«Երկարակեաց մարդոց աշխարհին մէջ».- Կիները 10-20 զաւակ կը ծնին եւ դաշտերու վրայ կ՛աշխատին մարդիկ, որոնք հարիւր տարեկանը անցած են:

Այդ աշխարհը կը գտնուի Կովկասի կեդրոնը, Ատրպատականի Քարապաղ կոչուած բարձունքին մօտ: Այդ երկիրը 150,000 բնակչութիւն ունի եւ անոնք Խորհրդային Միութեան մէջ ամէնէն երկարակեացներն են: Այս մասին մէջ 214 հոգի հարիւր տարեկանը անցած են: Անոնց ամէնէն տարեցն է 137 տարեկան Համբարձում անունով հայ գործաւոր մը, որ տակաւին կ՛աշխատի: Երբ բժիշկները հարցուցած են իր երկարակեցութեան գաղտնիքը, հայ ծերունին «հիւանդանալիք ատեն չկրցայ գտնել» պատասխանած է: Նոյն շրջանին մէջ կ՛ապրի զոյգ մը, որոնք 16 տարեկանին ամուսնացած են եւ այժմ 110 տարեկան են:

«Թայմ» շաբաթաթերթը, որ երեք միլիոն սպառում ունի եւ Մ. Նահանգներու ամէնէն ազդեցիկ հրատարակութիւններէն մէկն է, 17 Յուլիսի թիւով եւ Հանրապետական կուսակցութեան Պատգամաւորական ժողովի աշխատանքներուն յատկացուած իր էջերուն մէջ (էջ 19-24) կ՛անդրադառնայ ժողովի նախօրեակին վկայութեան կոչուած զանազան կազմակերպութիւններու զեկուցումներուն եւ քաղաքական հարցերու շուրջ պարզաբանական յայտարարութեանց ու յայտնելէ ետք, թէ՝ «170 կազմակերպութիւններ Պատգամաւորական ժողովին ներկայացուցած են իրենց տեսակէտներն ու կարծիքները», կը յիշատակէ անոնցմէ միայն երեքին անունները: Շաբաթաթերթը կ՛արձանագրէ, այս առիթով, թէ Հայ դատի յանձնախումբը մէկն է եղած անոնցմէ:

Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբը ձեռնարկած է Պուրճ Համուտի Ժողովրդային թատրոնի կառուցման գնահատելի աշխատանքին՝ հայաշատ այդ կեդրո- նը օժտելու համար թատրոնի արդիական բոլոր պայմանները լրացնող սրահով մը: Ընթացք տալով թատերասէրներու խնդրանքին, «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութիւնը յատկացուցած է 10,000 տոլարի գումար մը, որ ըստ հիմնարկութեան փափաքին, պիտի յատկացուի կառուցուելիք թատերասրահի ներքին սարքաւորման: