Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք թէ՝ Աթենահայ սիրուած երգչուհի տիկին Արուս Գրիգորեան փայլուն յաջողութեամբ (քաջալաւ նիշով) աւարտած է Աթէնքի Պետական Երաժշտանոցի երգի ճիւղը եւ ստացած համապատասխան վկայական։
Յառաջիկայ Կիրակի, Յուլիս 12-ին, տիկին Գրիգորեան պիտի երգէ Աթէնքի երաժշտանոցի պաշտօնական երգահանդէսի ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Պարնասոսի սրահին մէջ։ Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք նաեւ՝ որ տիկին Գրիգորեան, Աթէնքի ամառնային Ֆեսթիվալին առիթով՝ հրաւիրուած է մասնակցելու Իրոտու թու Աթթիքուի ամփիթատրոնին մէջ գերմանական նուագախումբին տալիք նուագահանդէսին։
Վարչապետ պրն. Եորղիոս Բաբանտրէու, Խորհրդարանին առջեւ խօսեցաւ Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի մէջ ունեցած խօսակցութեանց արդիւնքներուն մասին եւ յայտարարեց թէ՝ կառավարութիւնը Կիպրոսի հարցին մէջ պիտի հետեւի հելլենական արտաքին քաղաքականութեան։ Ըսաւ թէ՝ պայքարը պիտի շարունակուի եւ պիտի ունենայ բազմաթիւ փուլեր։ «Բայց, հաւատարիմ պիտի մնանք մեր մեծ խոստումին։ Մեր արտաքին քաղաքականութիւնը հելլենական պիտի ըլլայ միշտ։ Եւ վստահ եմ, որ, Հանրապետութիւնը, Կիպրոսը եւ Յունաստան պիտի յաղթանակեն»։ Պրն. Բաբանտրէու շեշտեց թէ՝ Կիպրոսի հարցի միակ եւ արդար լուծումը անկաշկանդ անկախութիւնն է։ Այս լուծման փոխարէն ոչինչ պէտք է տալ Թուրքիոյ, որովհետեւ, ան ոչ մէկ իրաւունք ունի Կիպրոսի վրայ։ Շեշտեց թէ՝ հելլէն ժողովուրդը որոշած է ընդդիմանալ բռնութեան որեւէ արարքի դէմ։ Խօսեցան նաեւ Ազգային Արմատական կուսակցութեան, Ձախակողմի միութեան եւ Յառաջդիմական կուսակցութեան պետերը՝ պրն. Քանելոբուլոս, Իլիու եւ Մարքեզինիս։ Պրն. Քանելոբուլոս ըսաւ՝ թէ պրն. Բաբանտրէուի առաքելութեան արդիւնքները պիտի դատէ ապագային, Կիպրոսի հարցի ստանալիք արդիւնքէն։ Ընդունեց սակայն, թէ Ցիւրիխի համաձայնութիւնը անցեալին կը պատկանի։ Ճիշդ գտաւ Թուրքիոյ հետ ուղղակի բանակցութեանց մերժումը եւ Կիպրոսի կառավարութեան պահանջած անկաշկանդ անկախութեան լուծումը։