Հ. Կ. Խաչի Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղը իր տարեկան պազարը կը կազմակերպէ Շաբաթ՝ 3 Դեկտեմբեր 2016ին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներէն ներս:
Պազարը այցելողները մեր մօտ պիտի գտնեն Կապոյտ Խաչեան ընկերուհիներու ձեռամբ պատրաստուած համեղ ճաշեր եւ անուշեղէններ:
Ձեր քաջալերանքով պիտի իրականացուին միութեան բարեսիրական ծրագիրները:
Կը սպասենք ձեզ եւ ձեր բարեկամներուն:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ