Յունաստանի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 20րդ Ներկայացուցչական ժողովը տեղի կ'ունենայ այս Կիրակի՝ 27 Նոյեմբեր 2016ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թ. եւ Ռ. Աւետիքեան» սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 10ին։
Համազգայնական ընտրովի կառոյցներու, պատգամաւորներու, հրաւիրեալներու, խորհրդակցական ձայնով անձերու կողքին, անոնք որոնք կը փափաքին մաս կազմել միօրեայ ժողովին, կրնան հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ կապ պահել Շրջանային Վարչութեան հետ արձանագրուելու համար հետեւեալ հեռաձայներուն՝ 210 9219584 եւ 6974551796։
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ