Նէոս Գոզմոս-Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Տիկնանց Մարմինը կը կազմակերպէ «Միջին Արեւելեան» նախաճաշի հանդիպում մը,Կիրակի՝ 27 Նոյեմբեր 2016ի
առաւօտեան Ս. Պատարագի աւարտին՝ ժամը 11։00ին, եկեղեցւոյս ներքնասրահին մէջ։
Այսու կը հրաւիրենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդի զաւակները ներկայ գտնուելու Ս. Պատարագին, ապա մասնակցելու յիշեալ նախաձեռնութեան, միասնաբար անգամ մը եւս ըլլալու հայաբոյր միջավայրի մէջ։
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ