altԿիրակի՝ 4 Դեկտեմբեր 2016ին, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ հիմնադրութեան տօնին առիթով, տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ։

 

Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ
Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան։

Պատարագը պիտի սկսի ժամը 10ին եւ երգեցողութիւնը պիտի կատարուի քառաձայն, եկեղեցւոյս դպրաց դասին եւ կամաւորներու կողմէ խմբավարութեամբ պրն. Մկրտիչ Գրիգորեանի։
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակից դառնալու աւանդական այս տօնակատարութեան եւ ոգեւորուելու անոր խորհուրդով։

ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏԻԿՆԱՑ ՄԱՐՄԻՆ