altՀ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը նախաձեռնած է վիճակահանութեան, որմէ գոյանալիք գումարը պիտի յատկացուի Սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրներուն:

Վիճակի դրուած են երկու հաճելի նուէրներ՝

 

Առաջին նուէր.- Երկու գիշերում զոյգի մը համար «ՀսպռՆՊքվ թջ - Mountain Resort & Spa» բնութեան մէջ գտնուող շքեղ պանդոկէն ներս, Թրիքալա Քորինթիաս լեռնային գիւղը:

Երկրորդ նուէր.- Խածինասիոս եւ Թէոֆանուս համբաւաւոր երաժիշտ-յօրինողներու գեղարուեստական յայտագրով զուարճութիւն, Baraonda գիշերային կեդրոնը՝ մէկ շիշ խմիչքով (մինչեւ չորս հոգի):

altՎիճակահանութեան շահաւոր տոմսին թիւը պիտի քաշուի
Չորեքշաբթի՝ 11 Յունուար 2017ին,
Հ. Կ. Խաչի Շրջանային վարչութեան հրաւիրած միջ-վարչական գաթայի կտրումի ընթացքին, բոլոր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն
եւ կեդրոնական յանձնախումբերուն ներկայութեան:
Վիճակատոմսերը կրնաք ապահովել բոլոր շրջաններու
մեր վարչութիւններուն եւ Շրջանային վարչութեան անդամներէն:
Վիճակատոմսի գին՝ 5 եւրօ:

Սիրելի հայրենակիցներ,
Վեց տարիէ ի վեր մտահոգութեամբ եւ սրտնեղութեամբ կը հետեւինք բոլորս Սուրիոյ մէջ ընթացող կործանարար պատերազմին եւ անոր պատճառած աւերին, որուն զոհ կը դառնան հարիւր հազարաւոր անմեղներ: Անոնց կարգին նաեւ հայորդիներ: Վերջին շրջանին դժբախտաբար նաեւ սգացինք կորուստը հայ երիտասարդներու:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը օգնութեան ձեռք կþերկարէ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն, «Տաք ճաշ», «Ջերմ բնակարան», «Կեանք մը փրկէ» եւ «Ընտանիք մը հովանաւորէ» ծրագիրներով:
Յունաստանի Հ. Կ. Խաչը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հ.Օ.Մ.ի ծրագիրներուն, նախաձեռնելով վերոյիշեալ վիճակահանութիւնը։
Կը գիտակցինք որ տնտեսական տագնապը նեղի մատնած է բոլորս, բայց եւ այնպէս անիկա չէ տկարացուցած մարդասիրական մեր համոզումներն ու բարեսիրական զգացումները:
Մենք պիտի շարունակենք հաւատարիմ մնալ մեր առաքելութեան:

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ Հ. Կ. ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ