«Ռուսիա պէտք է կողմնորոշուի հարաւային Կովկասի մէջ ռազմավարական գործընկերոջ հարցով» News.am-ի թղթակիցին յայտնած է ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան՝
մեկնաբանելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Ալեքսանտր Լուքաշեւիչի յայտարարութիւնը:
«Վերջին եւ նախկին յայտարարութիւնը կ՛անհանգստացնեն Երեւանը, որովհետեւ պէտք է տրամաբանութիւն ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ նոյն ձեւով մօտեցման մէջ», ընդգծեց Մանոյեան՝ աւելցնելով, որ Երեւան Մոսկուային հետ հարցը քննարկումի պէտք է դնէ: Մանոյեան ընդգծեց, որ 2008-ին Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի Պաքու այցելութեան ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցաւ բարեկամութեան եւ ռազմավարական համագործակցութեան մասին հռչակագիր:
Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարած էր, որ Ատրպէյճան հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ ռազմավարական գործընկերն է: Միեւնոյն ժամանակ պաշտօնական անձեր բազմաթիւ անգամներ նշած են Մոսկուայի եւ Երեւանի յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթին մասին: