Ըմբշամարտի Եւրոպայի առաջնութեան մրցումներու ծիրէն ներս, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գոռ Գրիգորեանը նուաճեց պրոնզէ մետալ:

Լեհաստանի Կատովիցէ քաղաքի մէջ ընթացող ըմբշամարտի Եւրոպայի առաջնութեան հանդէս եկան ազատ ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի 4 անդամներ: Անոնցմէ միայն Գոռ Գրիգորեանը հնարաւորութիւն ստացաւ պայքարելու մետալի համար: Եւ այսպէս հայ ըմբիշը յաջողեցաւ 5:2 հաշիւով պարտութեան մատնել Թուրքիոյ ներկայացուցիչը ու դառնալ Եւրոպայի առաջնութեան պրոնզէ մետալակիր: