ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 13-20 Յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Ոսկէ Ծիրան» Երեւանի 11րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնի դատական կազմին պատկերը արդէն յստակացած է:
Ժապաւէնները աւանդաբար պիտի ներկայացուին փառատօնի չորս՝ Խաղարկային, Վաւերագրական, «Հայկական համայնապատկեր» եւ «Կորիզ» մրցումներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի ունենայ իր դատական կազմը: 95 երկիրներէ ներկայացուած աւելի քան 1500 դիմումներէն ընտրուած է մօտաւորապէս 70 ժապաւէն: Տասնմէկ տարուան պատմութիւն ունեցող «Ոսկէ Ծիրան»ը պիտի սկսի մէկ ամիսէն:
«Ոսկէ Ծիրան»ի ծրագիրներու տնօրէն Միքայէլ Ստամբոլցեանը 13 Յունիսին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ներկայացուց փառատօնի «Միջազգային խաղարկային մրցոյթը»: «Ներկայացուած է 12 խաղարկային ֆիլմ, ինչպէս եւ նախորդ տարի: Միգուցէ այս տարի թիւն աւելանայ եւս մէկով, սակայն չենք ցանկանում, որ ժիւրին ծանրաբեռնուած լինի: Ներկայացուած են թէ անուանի, թէ սկսնակ ռեժիսորների գործեր, որոնցից շատերն են ցուցադրուել բազմաթիւ կինոփառատօններում: Բաւական հետաքրքիր ծրագիր է: Կինոնկարները հիմնականում բարոյական ճգնաժամի մասին են», նշած է Ստամբոլցեան:
Խաղարկային մրցումը այս տարի պիտի ղեկավարէ իտալացի շարժապատկերի քննադատ, արտադրիչ Մարքօ Միւլըրը, որ աշխատած է միջազգային բազմաթիւ շարժապատկերի փառատօններու մէջ, իսկ 7-8 տարիէ կը ղեկավարէ Վենետիկի միջազգային շարժապատկերի փառատօնը: Բացի անկէ, դատական կազմին մէջ պիտի ըլլան նաեւ նկարիչ Քրիսթիան Պերկըրը, որ վարպետութեան դասեր պիտի տայ Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ Յունաստանէն մեր հայրենակից Փեթրոս Մարքարիս:
Ներկայացնելով «Միջազգային վաւերագրական մրցոյթ»ը՝ փառատօնի փոխտնօրէն Արա Խանջեան նշեց, որ այս տարի 700էն ընտրուած է 12 ժապաւէն: «Միջազգային վաւերագրական մրցոյթի ժիւրին այս տարի ղեկավարելու է իտալաբնակ հայազգի ռեժիսոր Երուանդ Ջանիկեանը, ժիւրիի կազմում ընդգրկուած են կինոքննադատներ Սերգէյ Տրիմաչը, Ջիոնա Նաձարոն, Վիկտորիա Բելոպոլսկայան եւ ռեժիսոր Սվետոսլաւ Ստոյանովը», նշած է Խանջեան:
«Ոսկէ ծիրան» փառատօնի «Հայկական համայնապատկեր» ծրագիրի համադրող Րաֆֆի Մովսիսեան ընդգծեց, որ ներառուած է 18 ժապաւէն՝ 120 ներկայացուածներէն: «Մեծ մասը հայկական արտադրութեան ֆիլմեր են, որոնք շատ լաւ որակ ունեն: Ժիւրիի նախագահն է Ժան-Քրիստոֆ Ֆերարին: Ժիւրիի կազմում ընդգրկուած են նաեւ կինոռեժիսորներ Մարատ Սար- գըսեանը, Մարիա Սահակեանը, Գէորգի Գոգոբերիձէն եւ պրոդիւսեր Կարէն Արիկեանը», նշեց Մովսիսեան:
Փարաջանովի յոբելեանին նուիրուած փառատօնը այս տարի պիտի սկսի «Նռան Գոյնը» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ։ Փառատօնին ընթացքին տեղի պիտի ունենան անոր բոլոր ժապաւէններու յետահայեաց ցուցադրութիւններ, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացուին Փարաջանովին նուիրուած ժապաւէններ՝ տարբեր տարիներու պատրաստուած։