Զուիցերիոյ նախագահ Տիտիէ Պուրքհալթերին ներկայացուցած են ՀՅԴ-ի դիրքորոշումը՝ Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու եւ անոնցմով պայմանաւորուած ընտրութիւններու որակի փոփոխութեան օգնութեամբ ժողովրդավարական հիմնարկներու ստեղծման վերաբերեալ:
Այդ մասին նախանցեալ օր Զուիցերիոյ նախագահին հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:
Ըստ անոր, այսօր Հայաստանի համար մեծագոյն անհրաժեշտութիւնը այն է, որ սահմանադրութիւնը համապատասխանէ իրականութեան: «Զուիցերիոյ նախագահին ներկայացուած է, որ Հայաստանի մէջ կը գործէ քաղաքական մենաշնորհ, տնտեսական մենաշնորհ, սակայն հիմնականը ընտրութիւններն են եւ միայն ընտրութիւններու միջոցով կարելի է ձեւաւորել ժողովրդավարական, ապագային միտուած Հայաստան», ընդգծեց Արծուիկ Մինասեան: