Եթէ Տաւուշ այցելէք, ձեր միտքէն անգամ պիտի չանցնի, թէ տեղւոյն երկրագործութիւնը որեւէ արտաքին օգնութեան կարիքը պիտի ունենար: Հայաստանի այս մարզը երկրի ամէնէն կանաչ, ամէնէն հոյակապօրէն գեղատեսիլ շրջաններէն մէկն է, ծաղկակաղամբի մը տպաւորութիւնը ձգող իր լեռնալանջային անտառներու խտութեամբ:

Ինչո՞ւ, ուրեմն, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը որոշած է ջերմոցներ հաստատել Տաւուշի Գանձաքար եւ Դիտաւան գիւղերուն մէջ:

Պատասխանը կը վերաբերի երկրագործական ընդարձակման:
Կանուխ 1990ականներու հողային սեփականաշնորհումով, երբեմնի գիւղատնտեսական գործակցակազմերու անդամ իւրաքանչուր մշակ իր ուրոյն հողամասը ունեցաւ: Սակայն այս մշակները շուտով նկատեցին, թէ իրենց անհատական հողամասերը շատ փոքր էին կանոնաւոր ապրուստ ապահովելու համար:
Իրօք, Տաւուշի երկրագործութիւնը այնքա՛ն տկար էր, որ մարզի կեդրոն Իջեւանը ստիպուած էր տեղական սպառման համար բանջարեղէնն ու պտուղները բերել դուրսէն՝ 90 մղոն հեռու Արարատեան դաշտէն: Բաւարար եկամուտ ապահովելու անկարող եւ թշուառութեան սեմին գտնուելով, Տաւուշի հողամշակներէն շատերը ուրիշ ճար չունէին եթէ ոչ իրենց ծննդավայրէն հեռանալ:
Ծրագիրի առաջին փուլը՝ Տաւուշի Լուսաձոր գիւղին մէջ 15 ջերմոցներու հաստատումը, իրականացաւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի եւ Իտալիոյ կառավարութեան գործակցութեամբ: Արդիւնքը շօշափելի էր:
Ըստ այնմ, հիմնադրամը անցաւ ծրագիրի երկրորդ փուլին, անցեալ վեց տարիներուն Գանձաքար եւ Դիտաւան գիւղերուն մէջ աշխատելով մեծապէս բարելաւել բերքային քանակը եւ կայուն եկամուտ ապահովել երկրագործներու համար, այսպիսով կանխելով արտագաղթը:
Ջերմոցներու հաստատումը մաս կը կազմէ գիւղական զարգացման աւելի լայն ծրագիրի մը, որուն միջոցով հիմնադրամը ցարդ ստեղծած է բազմաթիւ ենթակառոյցներ, ներառեալ բուժարաններ, համայնքային կեդրոններ եւ ըմպելի ջուրի ու ոռոգման ցանցեր: Ջերմոցներու ծրագիրը, ուրեմն, այլոց շարքին բաղադրիչ մըն է Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերը վերաշխուժացնելու եւ անոնց տնտեսական գոյութիւնը շատ աւելի ամուր հիմերու վրայ դնելու ընդհանուր նպատակին:
Տաւուշի մէջ տեղադրուած ջերմոցները, որ կը բաղկանան լոկ ալումինումեայ պատեանէ մը, պլաստիկ ծածկոյթով, խիստ պարզ, բայց հսկայական օգուտ բերող կառոյցներ են: Ընդհանուր առմամբ, ջերմոցով օժտուած հողամաս մը կրկնակի արդիւնաբեր է՝ անջերմոց հողամասերու հետ բաղդատուած:
Իսկ տրուած ըլլալով, որ Տաւուշի կլիման ու հողը արդէն իսկ իտէալ են եկամտաբեր տեսակաւոր բերքի մշակման համար, մարզի տարածքին հաստատուած ջերմոցները ահա կ՛ամբողջացնեն արդիւնաբերական պատկերը: Մինչ պղպեղը, լոլիկը, կանաչեղէնն ու ելակը առատօրէն կ՛աճին պարարտ հողէն, ջերմոցները անհամեմատօրէն աւելի շահաւէտ կը դարձնեն անոնց մշակումը. այնքան շահաւէտ, որ ջերմոց ունեցող մշակները տարեկան ոչ թէ մէկ, այլ երկու հունձք կրնան կատարել: