Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներու կարգախօս պիտի ըլլայ «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ», իսկ խորհրդանիշը՝ Անմոռուկ ծաղիկը, որ բոլոր լեզուներուն մէջ ունի նոյն իմաստը՝ յիշել, չմոռնալ:

Խորհրդանիշ ծաղիկը ունի չորս հիմնական գոյնի բաղադրիչ՝ մանիշակագոյն, բաց մանիշակագոյն, դեղին եւ սեւ: Գոյները խորհրդանշական են. անցեալի, ներկայի ու ապագայի խորհուրդը կը ներկայացնեն: Իսկ կեդրոնի օղակը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան համալիրն է, ու գոյնը՝ դեղին, որ կը խորհրդանշէ արեւը։