Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան յաջորդ տարուան 24 Ապրիլին Թուրքիոյ նախագահը պաշտօնապէս Հայաստան հրաւիրեց:
Ելոյթ ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին՝ նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ եթէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները հետաքրքրուած են ճշմարտութեամբ, ուրեմն անոնք պէտք է Հայաստան գան եւ 24 Ապրիլին հայ ժողովուրդի կողքին ըլլան: Նախագահը նշեց, որ չի կարծեր, թէ անկէ ետք անոնք արխիւներ բանալու մասին պիտի կարենան խօսիլ:
Նշելով, որ պաշտօնական Անգարա կը շարունակէ խօսիլ պատմաբաններու յանձնախումբ ստեղծելու եւ արխիւները բանալու մասին՝ նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ յայտնի է, որ Հայաստանի արխիւները միշտ ալ բաց եղած են բոլորին համար, բայց, ըստ անոր, Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան հետ առերեսուելու համար արխիւային աշխատանք ընդհանրապէս չի պահանջուիր: ՀՀ նախագահը շեշտեց, որ բաւարար է մտնել որեւէ հայկական տուն, որեւէ ընտանիք, այցելել սփիւռքի որեւէ հայ համայնք, եւ վկայութիւնները կը լեցնեն ոեւէ ունկնդիրի սիրտը:
Ամենայն հաւանականութեամբ ակնարկելով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի՝ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան նախորդած յայտարարութեան, Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ փաստերու անառարկելիութիւնը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կը ստիպէ ձեռնարկել քայլեր, որոնք կ՛արտացոլեն Թուրքիոյ հարիւրամեայ նոյն ժխտողական քաղաքականութիւնը: Ըստ նախագահին, անցեալի ծանր բեռէն ազատելու միակ հաւանական քայլը, որ պէտք է կատարէ Թուրքիոյ իշխանութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն է: Միաժամանակ, Հայաստանի նախագահը ընդգծեց, որ այս բոլորով հանդերձ‘ թուրք ժողովուրդի նկատմամբ թշնամանք չկայ, Երեւան կը փորձէ պայմաններ ստեղծել, որպէսզի հայ եւ թուրք ժողովուրդները իրարու հետ կապեր հաստատեն ու գտնեն հաշտեցման ուղին:
«Ճիշդ այդ նպատակով կը փորձէինք եւ հիմա ալ հաւատարիմ կը մնանք Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու կարգաւորման ու հայ - թրքական սահմանի բացման, թէեւ այսպիսի ցանկութեան մասին միայն յայտարարութիւններ կը լսենք թրքական կողմէն: Եթէ ցանկութիւնը իրապէս անկեղծ է, ապա Թուրքիա լաւ գիտէ Հայաստան - Թուրքիա հաշտեցումը կեանքի կոչելու ուղին», շեշտեց նախագահ Սարգսեան:
Թուրքիոյ նախագահէն բացի, նախագահ Սերժ Սարգսեան արդէն շարք մը պետութիւններու նախագահներ հրաւիրած է յաջորդ տարի 24 Ապրիլին այցելելու Հայաստան: Նախագահը կրկին կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան ճանչնալու եւ դատապարտելու «այս աննախադէպ ոճիրը»:
«Թող ոեւէ մէկը յոյս չտածէ, թէ Մեծ եղեռնի հարիւրամեակը մեր դատի սահմանագիծնն է», յայտարարեց նախագահ Սարգսեան:
Պետական յանձնաժողովի նիստին կը մասնակցէին բազմաթիւ պաշտօնակատարներ, դիւանագէտներ, սփիւռքէն ժամանած պատուիրակութիւններ։
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն աշխատանքները համակարգող Վիգէն Սարգսեան իր կարգին նշեց թէ «Դուք գիտէք, որ հայկական Սփիւռքում ստեղծուել են բազմաթիւ տարածաշրջանային յանձնախմբեր Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգելու համար: Դրանք 47ն են, որոնցից 43ն այսօր ներկայացել են նիստին»:
Խօսելով տարածաշրջանային կառոյցերու դերակատարութեան մասին՝ Վիգէն Սարգսեան յայտնած է, որ անոնք պիտի համակարգեն բազմակառոյց, բազմաշերտ հայկական Սփիւռքին մէջ կայանալիք ձեռնարկները: «Շատ կարեւոր է, որ Տարածաշրջանային յանձնախմբերը համախմբեն տեղական կառոյցներին, քանի որ նրանք աւելի լաւ գիտեն տեղի լսարանի առանձնայատկութիւններն ու պահանջները: Մենք պետական յանձնաժողովի դերը տեսնում ենք Տարածաշրջանային յանձնախմբերին աջակցելու գործի մէջ»։