Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Գագիկ Խաչատրեան եւ Համաշխարհային դրամատան հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Ժան Միշել Հափփին անցեալ շաբաթավերջին վարկային ու ֆինանսաւորման համաձայնագիրներ ստորագրած են՝ կրթութեան եւ ընկերային ոլորտներու ծրագիրներու իրագործումը ապահովելու նպատակով:

Միջազգային զարգացման ընկերակցութեան հետ ստորագրուած համաձայնագիրով՝ Հայաստանին պիտի տրամադրուի 21,2 միլիոն տոլարին համարժէք 13,9 միլիոն յատուկ փոխառութեան իրաւունքի (SDR) չափով վարկ: Ծրագիրին նպատակն է բարելաւել ընկերային պաշտպանութեան ծառայութիւններու տրամադրումը եւ հզօրացնել զանոնք մատուցող, ինչպէս նաեւ ընկերային պաշտպանութեան նպաստներ վճարող մարմիններու վերլուծական, մշտադիտարկման եւ գնահատման գործառոյթները:
Իսկ «Կրթութեան բարելաւման ծրագիր»ի ծիրին մէջ Հայաստան պիտի ստանայ ընդհանուր առմամբ 30 միլիոն տոլար արժողութեամբ վարկ: Ծրագիրին նպատակն է բարձրացնել հանրապետութեան տարրական դպրոց ընդունուող երեխաներուն պատրաստուածութիւնը: