ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահը յայտարարութիւն մը կատարեց, Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը ներկայացուց, եւ անոր միջոցով Միացեալ Նահանգներ ուզեցին ցոյց տալ, որ շրջանին մէջ տակաւին աշխոյժ են եւ պատրաստ համագործակցելու Ռուսիոյ հետ որոշ խնդիրներու շուրջ՝ անկախ Ուքրանիոյ հարցէն:

Այս մասին «Երկիր»-ին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: «Անկէ ետք համանախագահները եկան շըրջան: Համանախագահներու առաքելութիւններէն մէկը Լեռնային Ղարաբաղի յարակից, անոնց գնահատումով՝ «գրաւուած» տարածքներ այցելելն էր: Անոնք եկած էին նաեւ՝ այդ տարածքներուն զարգացումները տեսնելու», ըսաւ Մանոյեան:

Անդրադառնալով «Երկիր»-ի այն դիտարկման, թէ նախքան համանախագահները հանդիպումներ ունենան ու յայտարարութիւններ կատարեն, այդ ընթացքին Ատրպէյճանի մէջ գերութեան մեջ գտնուելու ընթացքին ստացած վէրքերուն պատճառով մահացաւ հայկական կողմին վերադարձուած Մամիկոն Խոջոյեան, եւ ինչո՞ւ համանախագահներու յայտարարութիւններուն ու դիրքորոշումներուն վրայ չեն անդրադառնար այսպիսի դէպքերը, կամ չի՞ կրնար, օրինակ, այդ ցաւալի դէպքը առիթ դառնալ, որ հայկական կողմը փոխէ բանակցային հոլովոյթին նկատմամբ իր մօտեցումները, Մանոյեան պատասխանեց, թէ անոր համար աւելի լաւ առիթներ եղած են, պարտադիր չէ, որ նախկին գերիի մահ¬ ւան առնչութեամբ Հայաստան քայլեր առնէ: «Այդ առիթներէն վերջինը, թերեւս, կապուած է համանախագահներու այցելութեան հետ՝ Պաքուի մէջ համանախագահներու հետ Ատրպէյճանի նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը չէին հանդիպած, բայց համանախագահները իրենց յայտարարութեան մէջ փորձեցին համահաւասարեցնել՝ ըսելով, թէ ե՛ւ Երեւանի, ե՛ւ Պաքուի մէջ հանդիպած են բարձրագոյն իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ: Թող ըսէին՝ Հայաստանի մէջ հանդիպեցանք նախագահին հետ, իսկ Ատրպէյճանի մէջ՝ պաշտպանութեան նախարարին հետ: Այսինքն՝ անոնց պահուածքին՝ կեղծ հաւասարութեան նշան դնելու փորձերու պատճառով արդէն իսկ համանախագահներուն նկատմամբ վերաբերմունքի հարց պէտք է բարձրացուի Հայաստանի կողմէ», ըսաւ Կիրօ Մանոյեանը:
Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ գլխաւոր թերացումը, որ կայ այս ձեւաչափին մէջ, ըստ Մանոյեանի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան լիիրաւ մասնակցութեան բացակայութիւնն է բանակցային հոլովոյթին: