«Պիզնըս Ինսայտըր» կը հաղորդէ, որ «Կալըփ» հասարակական կարծիքի ուսումնասիրութեան հիմնարկը կազմած է 2013-ի համար աշխարհի ամէնէն դրական երկիրներու վարկանշային աղիւսակը:

Հարցախոյզը կատարուած է 138 երկիրներու հազարական բնակիչի մօտ՝ հարցնելով, թէ մէկ օր առաջ ինչպիսի՝ դրակա՞ն, թէ՞ բացասական փորձառութիւն ունեցած են, ժպտացա՞ծ են, ծիծաղա՞ծ են, հանգստացա՞ծ են, յարգալից վերաբերմունքի արժանացա՞ծ են, սորվա՞ծ կամ հետաքրքրական բանով զբաղա՞ծ են:
Ըստ հարցախոյզի արդիւնքին, 11 ամէնէն դրական երկիրներէն տասն Լատին Ամերիկայի մէջ են: Ցուցակը յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով կը գլխաւորէ Փարակուէյը, ուր բնակչութեան 87 առ հարիւրը իր փորձառութիւնը դրական գնահատած է: Ոչ դրական զգացումով երկիրներու ցուցակին վրայ է նաեւ Ատրպէյճանը՝ 55 առ հարիւրով: Նոյն ցուցակին վրայ է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը՝ դարձեալ 55 առ հարիւրով: