20 Մայիսին ղարաբաղեան-ատրպէյճանական զօրքերու հանդիպման գիծի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական դիրքին վրայ պահակութիւն ըրած ատեն, հակառակորդին կողմէ արձակուած գնդակէն մահացու վէրքեր ստացած է զին- ւորական ծառայող, 1994 թուականի ծնունդ Արթուր Սէյրանի Օհանջանեանը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը գուժած է զինուորին մահը՝ այս ծանր կորուստին համար ցաւակցութիւն յայտնելով Արթուր Օհանջանեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Դէպքին մանրամասնութիւնները ճշդելու համար տեղի կ՛ունենայ հետաքննութիւն:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան նոյն օրը ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն համաձայն, «ԼՂՀ սահմանը պաշտպանելիս ցուցաբերած արիութեան համար, բանակի N զօրամասի ջոկի հրամանատար, կրտսեր սերժանտ Արթուր Օհանջանեանը յետ մահու պարգեւատրուել է «Մարտական Ծառայութիւն» մետալով»։