ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Տարածաշրջան կատարած իրենց վերջին այցելութեան արդիւնքներուն կապակցութեամբ, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Երեքշաբթի, Մայիս 20ին հանդէս եկած են յայտարարութեամբ մը՝ նշելով, թէ այցելութեան հիմնական նպատակը եղած էր Լեռնային Ղարաբաղի Քարվաճառ (Քելբաջար) եւ Քաշաթաղ (Լաչին) շրջաններու իրավիճակին մօտէն ծանօթանալը:

Համանախագահները շեշտած են, թէ այս տարածքներուն վրայ նկատած են ենթակառոյցներու բարելաւման նշաններ, բայց վերջին տարիներուն ընթացքին, անոնք բնակչութեան թիւի յատկանշական աճ չեն նկատած:
Ըստ ԵԱՀԿի կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան՝ համանախագահները նաեւ այցելած են Սարսանգի ջրամբարը եւ քննարկած են անոր կարգավիճակը անոր կառավարիչներուն հետ: Անոնք յոյս յայտնած են, որ կողմերը համաձայնութեան կը հասնին այս ջրային պաշարները համատեղ կառավարելու գծով, ի շահ տարածաշրջանին:
Ափսոսանք՝ հրադադարի խախտումներուն համար
Մայիս 19ին համանախագահները հատած են սահմանը Թերթերի մօտերը եւ դարձեալ իրենց ափսոսանքը յայտնած են հրադադարի շարունակուող խախտումներուն կապակցութեամբ: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ հրադադարի այս խախտումները քննելու համակարգի բացակայութիւնը առիթ կը հանդիսանայ կողմերուն՝ յանցանքը բարդելու իրարու վրայ:
ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Արցախի մէջ հանդիպումներ ունեցած էին բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: