ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէն-փրէս».- Մոնթենեկրոն եւ Ալպանիան տեղեկացուցած են, որ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագիրի պահանջքը վերցուցած են:

Այս մասին թուիթըրեան իր էջին վրայ արձանագրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան՝ տեղեկացնելով, որ Մոնթենեկրոյի որոշումը ուժի մէջ է մինչեւ այս տարուան 30 Նոյեմբեր։

Աշխարհի 56 երկիրի հետ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի առանց վիզայի մուտքի դրութիւն՝ երկկողմանի կամ բազմակողմանի համաձայնագիրներու հիման վրայ: