Երեւան գտնուող Չեխիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու տան միջնորդութիւններու հարցերով յանձնախումբի պատուիրակութիւնը՝ Զուզքա Պեպարովա-Ռույպրովայի գլխաւորութեամբ, այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր:

Չեխ խորհրդարանականները ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին եւ լռութեամբ ու խոնարհումով յարգեցին մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը:
Պատուիրակութեան ղեկավարը յայտնած է, որ առաջին անգամ Հայոց ցեղասպանութեան մասին լսած է ուսանողական տարիներուն, իսկ աւելի ծանօթացած եւ ուսումնասիրած է Հայաստան այցելութեան նախապատրաստուելուն ընթացքին: «Առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուինք այստեղ՝ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ, եւ մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք հայ ժողովուրդին, որուն 99 տարիներ առաջ Թուրքիոյ մէջ ցեղասպանութեան միջոցով ցանկացած են ոչնչացնել: Յոյս ունինք, որ ապագային այսպիսի ոճիրներ չեն կրկնուիր: Չեխ ազգը, չեխ ժողովուրդը յարգանքով կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան», ընդգծեց Ռույպրովա: