ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 84 տարեկանին մահացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, Յ. Պարոնեանի անուան երաժշտական կատակերգական թատրոնի դերասանուհի Սվետլանա Գրիգորեանը: Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան նախագահ Յակոբ Ղազանչեան իր ցաւակցութիւնը յայտնած է դերասահունիին մահուան համար:

«Կեանքից հեռացաւ կեանք ու ժպիտ պարգեւողը, Ծիծաղի թագուհին, որը 60 տարուց աւելի մարդկանց խինդ նուիրեց, ստեղծեց այնպիսի բեմատիպարներ, որոնք միշտ կը մնան մեր բեմարուեստի պատմութեան մէջ: Սվետլանա Գրիգորեանի կեանքը թատրոնին անմնացորդ նուիրման վառ օրինակ էր, նրա համար թատրոնն ընտանիք էր, սէր էր, կեանք էր», նշած է Ղազանչեան:

Սվետլանա Գրիգորեան ծնած է 1930ին. տակաւին թատերական ուսումնարանի սան էր՝ 13 տարեկան, երբ իր կեանքը կապած է բեմին եւ անդաւաճան մնաց մինչ իր մահը, տասնեակ տարիներ: Յիսունհինգ տարի խաղացած է հայ բեմի նշանաւոր տիպար Կարպ Խաչուանքեանի հետ: Խաղացած է հարիւրէ աւելի դերեր: Ան հեռուստաթատրոնի հիմնադիրներէն է (1956 թ.):
Երաժշտական կատակերգական թատրոն հրաւիրուելով, 1949ին Ս. Գրիգորեան անմիջապէս ցուցադրած է իր ամբողջ տաղանդն ու հմայքը եւ դարձած հանդիսատեսին հոգիին տիրակալը: Իր անձնաւորած կերպարներէն շատերն ու գլխաւորները դերասանուհին կերտած է մեծանուն Վարդան Աճէմեանի անմիջական աջակցութեամբ, անոր ղեկավարութեամբ ու խորհուրդներով:
Ան հիմը դրած է կատակերգութեան նոր տեսակի, ան ստեղծած է իր վառվռուն, կենսախինդ, հանդիսատեսին սիրտը ալեկոծող, անոր հոգեկան զմայլելի պահեր պարգեւող արուեստի գրիգորեանական տեսակը:
Վաթսուն տարիներու բեմական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է՝ քանդակային կերպարներ ստեղծելու իր կարողութիւններով ու հմտութիւններով։ Հիւրախաղերով հանդէս եկած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, արժանացած է միջազգային մրցանակներու:
Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի է: Արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու եւ շքանշաններու՝ «Մովսէս Խորենացի», Սուրբ Էջմիածինի կողմէ՝ «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ»: 2009ին Լոս Անճելըսի մէջ հանդիսաւորութեամբ անոր տրուած է «Ծիծաղի թագուհի» տիտղոսը: 2011ին պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւնների համար» առաջին աստիճանի մետալով: