yerkir.am - Նորանշանակ վարչապետի հրաւէրով կայացաւ Յովիկ Աբրահամեանի եւ խորհրդարանական 5 ուժերու հետ համատեղ քննարկումը՝ կուտակային կենսաթոշակներու մասին նոր օրէնքի պարտադիր բաղադրիչի վերաբերեալ։ Հանդիպման չէ մասնակցած ՀԱԿ-ը:

Հանդիպման աւարտէն եւ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, դրական գնահատելով հանդիպումը, նշեց, որ վարչապետը ներկայացուցած է կուտակային համակարգի վերաբերեալ այն մօտեցումները, որոնք հրապարակած էր «Դէմ եմ» շարժման հետ հանդիպման ընթացքին: Ըստ անոր խօսքերուն՝ կառավարութեան կողմէ պատրաստուած օրէնքի նախագիծը կ'ըլլայ առաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին, որմէ ետք միայն հնարաւոր պիտի ըլլայ վերջնական եզրակացութիւն տալ:
«Շատ ենք կարեւորում այն, որ վարչապետը պատրաստակամ է խնդիրները լուծել եւ բարձրացուած հարցերին լիարժէք պատասխաններ տալ»,- նշեց պատգամաւորը: