Ապրիլ  18-20 Աղվերանի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի կառոյցի հերթական Գերագոյն Ժողովը:   
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ Գերագոյն Մարմնոյ նոր կազմ՝ բաղկացած հետեւեալներէն.- Արմէն Ռուստամեան, Արծուիկ Մինասեան, Աղուան Վարդանեան, Լիլիթ Գալստեան, Հրաչ Թադեւոսեան, Միքայէլ Մանուկեան, Պետրոս Մեղրեան,  Արտաշէս Նիկոյեան, Յովհաննէս Թադեւոսեան, Վարդան Ալեքսանեան եւ Սամվէլ Երանեան:  
Նշենք, որ ՀՅԴ ԳՄի նոր անդամներն են՝ ԱԺ նախկին պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը, Սամվէլ Երանեանն ու Պետրոս Մեղրեանը: Կազմէն դուրս են՝ ԳՄի նախկին անդամներ Սպարտակ Սէյրանեանն ու Արսէն Համբարձումեանը:
Այսօր Երեքշաբթի 22  Ապրիլին  ժամը 14:00-ին  Հ.Յ.Դ. Սիմոն Վրացեան կեդրոնէն ներս  Հ.Յ.Դ. նորընտիր Գերագոյն մարմնոյ  անդամներ Արմէն Ռուստամեանը եւ  Աղուան Վարդանեանը  հադէս պիտի գան մամուլի ասուլիսով, ուր պիտի անդրադառնան ժողովին քննարկուած նիւթերուն շուրջ:

Գերագոյն ժողովին հաստատուեցաւ որ Հ.Յ.Դ. մաս պիտի չկազմէ նոր կառավարութեան

Գերագոյն ժողովին ընթացքին քննարկուած հարցերուն մէջ յստակօրէն տեղ գտաւ Հայաստանի նոր կառավարութեան հարցի քննարկումը: Ժողովը վերահաստատեց Գերագոյն մարմինի՝ 17 Ապրիլի որոշումը, որով յայտարարուեցաւ, որ Դաշնակցութիւնը մաս պիտի չկազմէ նոր ձեւաւորուող կառավարութեան։
Յիշեցնենք, որ Գերագոյն Մարմինը որոշած էր՝ «հետեւել իշխանութեան եւ կառավարութեան գործողութիւններին, նրանց հանդէպ վերաբերմունքն ու գործակցութեան ձեւաչափը պայմանաւորել առաջարկուած փաթեթի իրագործման աստիճանով»: Դաշնակցութեան յայտարարութեան մէջ նշուած                 էր, որ կուսակցութեան նպատակը եղած է ու կը շարունակէ մնալ Հայաստանի պետականութեան հզօրացումը, մեր քաղաքացիներու արժանապատիւ, բարեկեցիկ կեանքը:

Ջահերով աւանդական երթ
ԵՐԵՒԱՆ.¬ Հայոց Ցեղասպանութեան 99ամեակին առիթով ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութիւնը եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը 23 Ապրիլին պիտի կազմակերպեն ջահերով աւանդական երթ, որ ընթացք պիտի առնէ Ազատութեան հրապարակէն, ժամը 19:30ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):
Երթին մասնակիցները նաեւ նամակ պիտի յանձնեն Հայաստանի նախագահին՝ պահանջելով, որ ի նշանաւորումն Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, յետս պէտք է կոչել Հայաստանի Հանրապետութեան ստորագրութիւնը  2009 թուականի Հայ-թրքական արձանագրութիւններէն: