Հայաստան կÿայցելէ Պաղեստինեան «Ֆաթհ» կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը, միջազգային հարցերով համակարգող Նապիլ Շաաթի գլխաւորութեամբ:

Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչներուն հետ երէկ կայացած հանդիպման ընթացքին «Ֆաթհ» կուսակցութեան պատասխանատուն ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները պաշտօնապէս հրաւիրած է Պաղեստին:

ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակէն ներս երէկ պաղեստինեան պատուիրակութեան ընդունած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեանն ու ԱԺ պատգամաւոր Միքայէլ Մանուկեան: Լեւոն Մկրտչեան ողջունելով հիւրերը՝ նկատած է, որ իրենց համար Հայաստանի մէջ պաղեստինցի հիւրեր ընդունիլը մեծ պատիւ է:
«Մենք գնահատում ենք ցանկացած ժողովրդի անկախութեան պայքարը: Հայերս նոյնպէս միշտ պայքարել ենք անկախութեան համար, եւ այսօր էլ պայքարում ենք յանուն Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան»,- ըսած է Լեւոն Մկրտչեան: Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստան կատարած այս այցը պիտի նպաստէ երկու երկրներու յարաբերութիւններու պաշտօնականացման:
«Վերջին 10 տարիներու ընթացքում արաբական ուղղութիւնը մեր արտաքին քաղաքականութեան մէջ ծանրակշիռ կարեւորութիւն է ձեռք բերել: Հայաստանի պետութիւնը, իր միւս հարեւանների համեմատ, շատ աւելի սկզբունքային դիրքորոշում է հանդէս բերել միջինարեւելեան հիմնահարցում: Եւ վստահ ենք, որ այս այցը քաղաքական նշանակութիւն կÿունենայ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ժողովրդի համար արդէն իսկ միջպետական սաղմեր պարունակող այց կարող է դառնալ»,- ըսած է Լեւոն Մկրտչեան:

Նապիլ Շաաթ իր կարգին ըսած է, որ իրենց ցանութիւնն է երկու բարեկամ երկրներու մէջ փոխադարձաբար բանալ դեսպանատուներ: Նապիլ Շաաթ ներկայացուցած է արաբա-իսրայէլական հակամարտութեան ներկայ փուլը եւ նշած, որ Սեպտեմբերին Պաղեստինը պիտի դիմէ ՄԱԿ-ին՝ իր անկախութիւնը ճանչնալու խնդրանքով:
Լեւոն Մկրտչեան նշած է, որ ՀՅԴ-ն պատրաստ է միջազգային որեւէ ատեանի մէջ աջակցելու պաղեստինցիներու պայքարին:
Մինչ այս հանդիպումը «Ֆաթհ» կուսակցութեան պատուիրակութիւնը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ ու յարգանքի տուրք մատուցած Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ինչպէս նաեւ այցելած է Ցեղասպանութեան թանգարան-ուսումնարան, ինչպէս կը յայտնէ «Երկիր Մետիա»ն։