Մարտ 22-23ին Ստեփանակերտի մէջ իր աշխատանքները կատարեց ՀՅԴ մարմիններու խորհրդաժողովը, որուն օրակարգին գլխաւոր հարցերն էին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հզօրացման եւ Արցախեան ազատամարտի ձեռքբերումներու ամրապնդման հրամայականները, թուրք-ատրպէյճանական հակահայ արշաւին դէմ պայքարի ծրագիրները:
ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի հիւրընկալութեամբ գումարուող խորհրդաժողովին կը մասնակցէին ՀՅԴ բոլոր՝ տասներկու Կեդրոնական կոմիտէներու, Հայաստանի Գերագոյն մարմնի եւ կազմակերպական այլ շրջաններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալ պատասխանատու ընկերներ, ընդհանուր շուրջ 60 մասնակից:
Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ տարածաշրջանին մէջ վերջին զարգացումներուն, Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ կուսակցական կազմակերպական շարք մը ծրագիրներու:
ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան