Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Խորհրդարանին մէջ յայտարարած է, որ Սոչիի մէջ իր ռուս պաշտօնակից Մետվետեւի հետ հանդիպումին գոյացած է կարեւոր համաձայնութիւն, ինչ կը վերաբերի Ռուսաստան աշխատանքի մեկնող Հայաստանի քաղաքացիներուն:

Ըստ Տիգրան Սարգսեանի, Հայաստան եւ Ռուսաստան ի մօտոյ կը ստորագրեն համաձայնագրեր, որոնցմով մինչեւ Հայաստանի անդամակցութիւնը Մաքսային ու Եւրասիական միութիւններուն, Հայաստանի քաղաքացիները աւելի ճկուն պայմաններով պիտի կարենան մեկնիլ Ռուսաստան աշխատանքի, քան այլ երկիրներու գաղթականներ: 
Ինչպէս ծանօթ է, Ռուսաստան խստացուցած էր օտար բանուորներու Ռուսաստանի մէջ մնալու գործընթացը: