Ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսաստանի կառավարութիւնը հաստատած է անցեալ ամառ Հայաստանի հետ ստորագրուած ռազմական գործակցութեան համաձայնագիրը: 

Այդ համաձայնագիրը կը նախատեսէ ռազմամթերքի եւ ռազմական կառքերու գործածութեան եւ երկարատեւման բարելաւման, արտադրութեան, նորոգութեան, արդիականացման եւ ծաւալման բնագաւառներուն մէջ գործակցութիւն:
Հայաստան իր կողմէ փաստաթուղթը վաւերացուցած էր 2013 Դեկտեմբերին: