ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԽՃԱՆԿԱՐԸ՝
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՈՒՄԷՆ 20 ՏԱՐԻ ԵՏՔ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման
20ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս,
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը կը կազմակերպէ
Կլոր Սեղանի զրոյցներու շարք մը՝ 
«Հայ ժողովուրդի խճանկարը՝ Հայաստանի վերանկախացումէն
20 տարի ետք»
ընդհանուր նիւթով։


ԵԼՈՅԹՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

Երկուշաբթի 31 Հոկտեմբեր 2011,
Ֆիսի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի  «Թ. եւ Ռ.Աւետիքեան» սրահէն ներս.-

  •  Վերանկախացման անդրադարձը հայրենի ոստաններու հայութեան վրայ (ՀՀ, ԼՂՀ եւ Ջաւախք.  նաեւ անդրադարձ՝ Նախիջեւանի կացութեան)։

Կը դասախօսէ ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

  •  Անկախութեան անդրադարձը նախկին Խորհրդային երկիրներու հայկական համայնքներու ազգային ու քաղաքական կեանքին վրայ (Հայկական կառոյցները եւ միութիւնները նախապէս եւ այսօր: Հայ Դատի պահանջատիրութեան, հայեցի կրթութեան եւ հայ մշակոյթի ու կրօնի  պահպանման հոլովոյթը)։

Կը դասախօսէ  Յունաստանի մօտ
Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան
ԳԱԳԻԿ ՂԱԼԱՉԵԱՆ

 

Չորեքշաբթի 2 Նոյեմբեր 2011, 
Գարէայի «Ազատամարտ»  սրահէն ներս.-

  •  Սփիւռքը՝ Հայաստանի վերանկախացման լոյսին տակ
    (Դասական գաղութները եւ Հայաստանէն ու
    նախկին Խորհրդային երկիրներէն ժամանածներով կազմուած Սփիւռքը)։

Կը դասախօսեն   ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ, ՇԱՀԱՆ ՖԱՐԱՃԵԱՆ  


           
Ուրբաթ 4 Նոյեմբեր 2011, 
 Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի
«Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներէն ներս.-

  • «Հայաստանի վերանկախացման անդրադարձը
    Թրքահայութեան (Պոլիս,գաւառներ) վրայ»:
    Հայաստանի անկախ պետականութեան վերականգնումով
    ի՞նչ փոխուեցաւ Համշէնահայութեան, իսլամացած հայութեան
    եւ ընդհանրապէս թաքնուած հայերու կեանքին մէջ։

Կը դասախօսէ՝ ԹԱԳՈՒՀԻ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ
(յատկապէս հրաւիրուած Պոլսահայ մտաւորական ու գործիչ) 

Պիտի յաջորդէ Կլոր Սեղանի զրոյց, բոլոր զեկուցաբերներու մասնակցութեամբ
Համադրող՝ ԱՐԱՔՍԻ ԱԲԷԼԵԱՆ-ԳՈԼԱՆԵԱՆ

Բոլոր ելոյթները պիտի սկսին ժամը 20:00-ին:  Մուտքը ազատ է:


«ԱԶԱՏ ՕՐ»ԻՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ