Անցնող շաբաթավերջին Վարշավայի մէջ կայացած Եւրոպական Միութեան «Արեւելեան գործընկերութեան» համաժողովի ծիրէն ներս, հռչակագիր մը ընդունուեցաւ, որ ոչ միայն կը վերաբերի ծրագրի գործընթացին, այլեւ կարեւոր կէտ մը կը ներառնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հետագայ ընթացքի մասին։ Այս կարծիքը յայտնած է քաղաքագէտ, Կովկասի ինսթիթութի փոխ տնօրէն Սերգէյ Մինասեանը, դիտել տալով թէ հռչակագիրը կը սահմանէ թէ «Արեւելեան գործընկերութեան» երկիրներու տարածքներուն մէջ հակամարտութիւնները պէտք է լուծուին՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու համաձայն, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ նախապէս ընդունուած փաստաթուղթերու եւ յայտարարագրերու համաձայն։ Այս կը նշանակէ թէ ի զօրու են այն համաձայնութիւնները, ուր նշուած է ժողովուրդ- ներու կամքի արտայայտման իրաւունքը։

 

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ՝ ՔԱԹՐԻՆ ԱՇԹԸՆԻ ԵՒ ՖԻՆԼԱՆՏԱՅԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Վարշավայի խորհրդաժողովի ծիրէն ներս հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քաթրին Աշթընի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան վերաբերող բազմաթիւ հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Միութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններու ընթացքին: Քաթրին Աշթըն նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը համակողմանիօրէն պիտի աջակցի Հայաստանի մէջ յաջողութեամբ իրականացուող բարեփոխումներուն:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ֆինլանտայի վարչապետ Եուրքի Քաթայնենի հետ: Քննարկուեցան հայ-ֆինլանտական երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր: Եուրքի Քաթայնեն ողջունելի նկատեց Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումները: