ՓԱՐԻԶ, «Նիուզ».- Պետութիւններու յարաբերութիւնները ամբողջական չեն, եթէ չունին տնտեսական բաղկացուցիչներ: Այդ մասին յայտարարած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ֆրանսայի ձեռնարկութիւններու միութեան (MEDEF) ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին, որ տեղի ունեցած է Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցին ծիրէն ներս:

Պետութեան ղեկավարը նշած է, որ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի յարաբերութիւնները ունին պատմական խոր արմատներ, իսկ երկիրներու բարեկամութիւնը հիմնուած է մշակութային եւ հոգեւոր ընդհանրութիւններու վրայ: Ըստ անոր, ընդհանրութիւնները այնքան խոր են, որ աշխարհագրական դիրքը չի խոչընդոտեր ամրապնդմանը բարեկամական յարաբերութիւններուն, որոնք ձեւաւորուած են մէկ դար առաջ:
Նախագահը յիշեցուցած է, որ դեռ 19րդ դարուն, ֆրանսացի մասնագէտները պղինձի հանքեր փնտռած են Ալաւերդիի, իսկ ֆրանսացի ճանապարհային ճարտարապետները ներդրում ունեցած են Հայաստանի մէջ երկաթուղիի կառուցման գործին մէջ: Հայերը եւս ներդրում ունեցած են ֆրանսական տնտեսութեան զարգացման գործին մէջ, աւելցուցած է նախագահը: Այսպէս, փարիզեան սրճարաններէն մէկուն հիմնադիրը ծագումով հայ եղած է: «Այսօր էլ շատ հայեր գործում են Ֆրանսիայի եւ երկու երկրների յարաբերութիւնների ամրապնդման օգտին», նշած է նախագահ Սարգսեան:
Ան մատնանշած է, որ Հայաստանի մէջ մեծապէս կարեւոր կը համարեն ա-ռեւտրա-տնտեսական կապերու ամրապնդումը Ֆրանսայի հետ, որ ներդրումներու ծաւալով՝ երկրորդն է Հայաստանի մէջ:

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ղեկավարները  քննեցին Հայաստանի  հիւլէական  նոր կայանի  կառուցման  աշխատանքներուն մէջ  ֆրանսական  ընկերութիւններու ներգրաւումը

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիյոնի հետ: Նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ զրուցակիցները գոհունակութեամբ փաստեցին եւ ողջունելի նկատեցին Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ֆրանսական ներդրումներուն աճը: Համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ քաղաքական մակարդակով շարունակել աջակցելու եւ խրախուսելու ֆրանսական ընկերութիւններու մասնակցութեան Հայաստանի տնտեսութեան տարբեր մարզերուն մէջ իրականացուուղ ծրագիրներուն:
Կարեւոր նկատուեցաւ յատկապէս ուժանիւթի համակարգին մէջ, ներառեալ Հայաստանի հիւլէական նոր կայանի կառուցման աշխատանքներուն մէջ մեծ փորձառութիւն ունեցող ֆրանսական ընկերութիւններու ներգրաւումը: Ֆիյոն նշեց, որ այդ նպատակով իր երկրին համապատասխան պաշտօնեաներէն եւ մարզի մասնագէտներէն կազմուած խումբ մը պիտի գործուղուի Հայաստան‘ տեղւոյն վրայ քննարկելու համար համագործակցութեան հեռանկարը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ ճանապարհաշինութեան մարզին, ներառեալ՝ «Հիւսիս-Հարաւ» մայրուղիի կառուցման աշխատանքներուն մէջ Ֆրանսայի հետ համագործակցութեան զարգացման եւ ֆրանսական ընկերութիւններու ներգրաւման: Ըստ Ֆրանսայի վարչապետին, համապատասխան մասնագիտական խումբեր պիտի գործուղուին նաեւ Հայաստան ճանապարհաշինութեան եւ Հայաստանի երկաթուղիներու ռազմավարական ուղղութիւններու զարգացման միտուած ծրագիրներու իրագործման հարցերը այնտեղ աւելի լայնօրէն քննարկելու նպատակով:
Սերժ Սարգսեան եւ Ֆրանսուա Ֆիյոն քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Կարեւոր նկատուեցաւ Ֆրանսայի օժանդակութիւնը Հայաստանի եւրոպական համարկման ջանքերուն, մասնաւորաբար Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ:

 

.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-..-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.

 Ֆրանսալեզու քաղաքներու միջազգային համագումարին առիթով՝


ՓԱՐԻԶԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 25ԻՆ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Պերթրան Տելանօէ. «Ոչ միայն պէտք է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ արգիլել անոր ժխտումը»

Ի հեճուկս պատմութիւնը խեղաթիւրելու փորձերուն, պէտք է ըսել, որ հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկուած է. ոչ միայն պէտք է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ արգիլել անոր ժխտումը: Այս յայտարարութիւնը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին կատարած է Փարիզի քաղաքապետ Պերթրան Տելանօէ:
Անդրադառնալով երկու մայրաքաղաքներու (Երեւանի եւ Փարիզի) յարաբերութիւններուն՝ ան նշած է, թէ Ֆրանսալեզու քաղաքներու միջազգային ընկերակցութեան գլխաւոր գիտաժողովի ծիրէն ներս Երեւան կատարած իր այցելութեան ընթացքին պիտի ստորագրուի համագործակցութեան պայմանագիր:
Տելանօէի խօսքով, պայմանագիրին ստորագրումը խթան պիտի հանդիսանայ Երեւանի եւ Փարիզի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման համար: Սեպտեմբեր 29ի հանդիպման ներկայ եղած են Փարիզի հայկական համայնքի ներկայացուցիչները:
Յիշեցնենք, որ Երեւանի մէջ, Հոկտեմբեր 25-26, տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսալեզու քաղաքներու միջազգային ընկերակցութեան գլխաւոր գիտաժողովը, որուն պիտի մասնակցին շուրջ 200 քաղաքներու ղեկավարներ, ինչպէս՝ Պերթրան Տելանօէ, որ ընկերակցութեան նախագահն է:

 

.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-..-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.

Ազնաւուր Երգեց Հայաստանի Համար

Փարիզի «Օլիմփիա» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ հայ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի համերգը՝ նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 20ամեակին: Ինչպէս Ֆրանսայէն կը հաղորդէ լրագրող Ժան Էքեան, համերգին ներկայ եղած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի (առաջին լուռի լուսանկար), ինչպէս նաեւ հայ եւ ֆրանսացի պաշտօնատար այլ անձեր:
«Ես կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել երկու նախագահներուն, քանի  որ անոնց ներկայութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի մեր պայքարին համար», իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսած է Շառլ Ազնաւուր:
Համերգի ընթացքին ելոյթ ունեցած են հայ եւ ֆրանսացի արուեստագէտներ, որոնց շարքին՝ դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեան, ճազ երաժիշտ Տիգրան Համասեան, սոփրանօ Յասմիկ Պապեան, ֆրանսացի կատակերգու դերասան Միշէլ Լիպ եւ նմանակող Լորան Կերա, երգիչ Փաթրիք Ֆիորի, երգչուհի Հելեն Սեկարա, Ճազմէն Անտրէ Մանուկեան, ինչպէս նաեւ Սեդա Ազնաւուր: