Հրադադարի խախտումներ չեն արձանագրուած
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ՝ Փետրուար 18-ին ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանի ծրագրային դիտարկումը իրականացած է Մարտակերտ-Թարթառ ճանապարհահատուածին: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԼՂՀ ԱԳՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Եւկենի Շարովը (Ուքրանիա) եւ Խրիսթօ Խրիսթովը (Պուլկարիա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից Փիթըր Սուետպըրկը:
Սահմանի հակառակ կողմէն դիտարկման խումբին մէջ կը մտնէին ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիկը եւ անոր դաշտային օգնականներ Իրժի Ապերլեն (Չեխիա) եւ Ուիլեամ Բրայորը (Մեծ Բրիտանիա):
Դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի, հրադադարի խախտումներ չեն արձանագրուած: Դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէն ուղեկցած են ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացու- ցիչները: