ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը 31 Յունուարին այցելած են Ապու Տապիի մէջ կառուցուող Ս. Նահատակաց հայկական եկեղեցի, ծանօթացած շինարարական աշխատանքներուն ընթացքին:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մօտ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ անոնք հանդիպում ունեցած են հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Աբրահամեան դիտել տուած է, որ կառուցուող եկեղեցին կը վկայէ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու հոգեւոր կապին եւ ջերմ զգացմունքներուն, ինչպէս նաեւ հանդուրժողականութեան, մշակոյթներու ու կրօններու միջեւ երկխօսութեան փայլուն օրինակ կը հանդիսանայ:
Ան անդրադարձած է Հայաստանի եւ հայութեան դիմաց առկայ մարտահրաւէրներուն ու դիտել տուած է. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշտապէս առաջնորդւում է բոլոր խնդիրներն ու հակասութիւնները քաղաքակիրթ ճանապարհով լուծելու տրամաբանութեամբ, եւ այդ ճանապարհը երկխօսութիւնն է: Ուստի մենք պատրաստ ենք քննարկելու Թուրքիայի հետ առանց նախապայմանների յարաբերութիւններ հաստատելու հարցը՝ միաժամանակ յայտարարելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը երբեւիցէ վիճարկելի չի եղել ու չի լինելու: Մենք պէտք է կարողանանք յստակ գնահատել մեր ներուժը ու լաւագոյնս օգտագործել աշխարհասփիւռ հայութեան հնարաւորութիւնները: Միայն այդ դէպքում մենք կը կարողանանք իրականութիւն դարձնել մեր համազգային նպատակները»։
Խորհրդարանի նախագահը նաեւ անդրադարձած է Հայաստան-Սփիւռք, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ յարաբերութիւններուն՝ դիտել տալով, որ պէտք է խթանել փոխադարձ գործակցութիւնը։
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւս իր պատգամը յղած է Ապու Տապիի հայ համայնքին:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մօտ Հայաստանի դեսպան Գեղամ Ղարիբջանեանը: Դեսպանութեան այգիին մէջ Յովիկ Աբրահամեանը եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոս ծառ տնկած են։