ԹԵՐԹ.- Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Նարեկ Սարգսեան Երեւանի քաղաքաշինական խորհուրդի նիստին՝ 17 Յունիսին ներկայացուցած է Կառավարական շէնքի բակին մէջ Ալ. Թամանեանի նախագիծով նախատեսուած գմբէթի կառուցման անհրաժեշտութեան քաղաքաշինական հիմնաւորումները:

Ինչպէս կը տեղեկանանք քաղաքապետարանի տարածած հաղորդագրութենէն, մասնագիտական աշխոյժ քննարկումներ ծաւալած են հանրային մեծ հետաքրքրութիւն ունեցող հարցին շուրջ: Իրենց կարծիքներն ու տեսակէտները արտայայտած են խորհուրդի գրեթէ բոլոր անդամները: Խորհուրդի նիստին ներկայ 24 անդամներէն 21ը քուէարկութեամբ կողմ արտայայտուած է թմբուկի կառուցման ծրագրին եւ այդ կառոյցը վարչական նշանակութեամբ օգտագործելու առաջարկին (մէկ դէմ, երեք ձեռնպահ): Առաջարկուած է նախագիծի վերջնական տարբերակի մշակումէն ետք զայն ներկայացնել խորհուրդի համաձայնեցման:



ԹԵՐԹ.- Այս տարուան Մայիսին՝ 2010ի նոյն ժամանակահատւածին համեմատ՝ Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան նախագիծը կազմած է 109,9%, իսկ Ապրիլի նկատմամբ՝ 13,7%: Այս մասին կը տեղեկանանք Ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱՎԾ) հրապարակած տնտեսական աշխոյժութեան նախագիծէն: Մայիսին արձանագրուած է այս տարուան ընթացքին ամենաբարձր տնտեսական աշխոյժութիւնը: 2011 Յունուարին 2010ի նոյն ամսուան համեմատ՝ տնտեսական աշխոյժութեան նախգիծը կազմած էր 106,1%, Փետրուարին՝ 100,9%, Մարտին՝ 100,3%, իսկ Ապրիլին 107,7%: ԱՎԾ-ի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ այս տարուան Մայիսին աճ արձանագրուած է տնտեսութեան բոլոր ճիւղերուն մէջ, բացառութեամբ շինարարութեան:




PanARMENIAN.Net.- Այս տարի երեւանեան «Երաժշտութեան տօնին», որը տեղի կÿունենայ այսօր Յունիս 21-ին, պիտի մասնակցին արտասահմանեան երաժշտական խումբեր Ֆրանսայէն, ԱՄՆ-էն եւ Սկովտիայէն: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արթուր Պօղոսեան: Ֆրանսայէն ժամանած Bratsch ջազ խումբը, որու հիմնադիրն է Դեն Ղարիբեանը, համերգ կուտայ Գաֆեսճեան արուեստի կեդրոնը: Երեւանի Սիրահարներու  այգիին մէջ հանդէս կուգան երգչուհի  An Gordonach եւ ամերիկացի երգչուհի Սիմա Քունինգհեմը:


PanARMENIAN.Net.-
«Կոմերսանտ» թերթը System of a Down խումբը կը համեմատէ The Beatles խումբին հետ: Ըստ թերթի լրագրող Պորիս Բարաբանովի, այս երկու խումբերը նման են իրարու այնքանով, որ երկուքն ալ երբեք չեն վախցած նորարարութիւններէն: Այդ իսկ պատճառով Բարաբանովը պատահականութիւն չի համարեր, որ միայն այս երկու ռոք խումբերն են Billboard-ի առաջին հորիզոնականին յայտնուած իրենց ալպոմներու վաճառքի թիւով: System of a Down-ը 7 տարիներու ընթացքին կարողացած է վաճառել աւելի քան 20 մլն օրինակ սկաւառակ: Խումբը երիտասարդ հայերուն համար նոյն զգացումը կ՛առաջացնէ, ինչ որ առաջացուցած են իրենց ծնողներու մօտ Շառլ Ազնաւուրն ու Շէրը:


ԵՐԿԻՐ ՄԵՏԻԱ.-
Հայաստանի Ֆուտպոլի Ֆետերասիոնը  եւ «ՎիվաՍել-ՄՏՍ-ը» ընկերութիւնը  ստորագրեցին պայմանագիր, համաձայն որու` «ՎիվաՍել-ՄՏՍ-ը» դարձած է Հայաստանի ֆուտպոլի ազգային հաւաքականներու գլխաւոր հովանաւոր: Հաւատարիմ մնալով ընկերային  պատասխանատուութիւններ ստան-ձնելու իր օրակարգին` ընկերութիւնը կÿաջակցի Հայաստանի մէջ ամենամեծ ժողովրդականութիւնը վայելող մարզաձեւի՝ ֆուտպոլի տարածմանն ու զարգացման: Ինչպէս անցեալին, այսուհետ  նոյնպէս՝ ընկերութիւնը պատրաստ է օգնութեան ձեռք երկարելու այն բոլոր միջոցառումներուն ու ծրագրերուն, որոնց նպատակն է Հայաստանը ներկայացնել որպէս ֆուտպոլի հարուստ աւանդոյթներ ունեցող երկիր: