Յունուար 13էն-Փետրուար 2 ժամանակամիջոցին, ՀՀ զինուած ուժերու 75 հոգիէ բաղկացած խաղաղապահ ստորաբաժանումը Գերմանիոյ մէջ տեղակայուած ԱՄՆ զինուած ուժերու ուսումնավարժական կեդրոնին մէջ մասնակցած է «Քոսովոյի ուժեր» ծրագիրի ծիրէն ներս կազմակերպուած հերթական բազմազգ զօրավարժութեան:

Քոսովոյի առաքելութեան հայ խաղաղապահները
կը մասնակցին 2004-էն ի վեր՝  սկիզբը յունական,
իսկ 2012-ի Յուլիսէն՝ ամերիկեան հրամանատարութեան ներքոյ

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ՊՆ մամուլի ծառայութենէն:

Հայկական ստորաբաժանման տեղափոխումը Հայաստանէն Գերմանիա եւ հակառակ ուղղութեամբ իրականացած է ԱՄՆ ռազմաօդային ուժերու օդանաւերով:
Զօրավարժութեան հայկական ստորաբաժանման հետ միասին մասնակցած են նաեւ ԱՄՆ-ի, Գերմանիոյ, Ռումանիոյ, Փորթուկալի, Սլովենիոյ, Ալպանիոյ եւ այլ երկիրներու զինուած ուժերու ստորաբաժանումներ: Զօրավարժութեան նպատակն էր Քոսովոյին նմանեցուած պայմաններու մէջ իրականացնել մասնակից երկիրներու զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու կողմէ խաղաղարար, կայունացման գործողութիւններու, ամբոխի կառավարման, պարեկային ծառայութեան իրականացման եւ այլ վարժանքներ ու բարձրացնել մասնակից երկիրներու զինուած ուժերու խաղաղապահ կարողութիւններու եւ փոխ գործակցելիութեան մակարդակը: Առաջին անգամ նշուած զօրավարժութեան ծիրէն ներս իրականացած է նաեւ կրակի յաղթահարման վարժութիւն: