ՍԴՀԿ-ի մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, թէ տեղի ունեցած է հանդիպում մը Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Հայաստանի վարչութեան ատենապետ Նարեկ Գալստեանի եւ Հայաստանի Դեմոկրատական Կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեանի միջեւ:
Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած է երկրին քաղաքական եւ ընկերա-տնտեսական իրավիճակը: Երկու կուսակցութիւններու ղեկավարներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է «Ձախ ուժերի միութիւն» ստեղծելու մասին:
«Ձախ ուժերի միութիւն» ստեղծելու հարցին կապակցութեամբ, կը շարունակուին քաղաքական քննարկումներ նաեւ այլ քաղաքական կուսակցութիւններու, հանրային կազմակերպութիւններու եւ անհատ գործիչներու հետ: