
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան շնորհաւորելով մեր բանակի կազմաւորման տարեդարձը, նշեց թէ հայկական բանակը ոչ թէ 22 տարուան երիտասարդ, այլ զինուորական մեծ փորձառութիւն ունեցող բանակ է, որուն կազմաւորման հիմքը ժողովուրդի զինուորական գիտելիքներն են:
Ան նշեց, որ հայ զօրավարներու միջազգային պատերազմներու ժամանակ մասնակցութեան եւ կերտած յաղթանակներուն շնորհիւ հայկական զինեալ ուժերը տարուէ տարի կը դառնան աւելի մարտունակ ու զարգացած եւ այդ առումով շրջանին մէջ իրենց նմանը չկայ: Հայկական զինեալ ուժերը միջազգային ասպարէզին մէջ իրենց մասնակցութեամբ ցոյց տուին ոչ միայն բարձր պատրաստուածութիւն, այլեւ ապացուցեցին, որ սպառազինութեան եւ զինուորական-արհեստագիտական հարցերուն մէջ ազնիւ են եւ կը նպաստեն ապահովութեան:
«Մենք խնդիրը պիտի լուծենք ոչ միայն մեր երկրին սահմաններու պաշտպանութեան, այլեւ աշխարհի տարբեր կէտերուն վրայ խաղաղութեան պահպանման համար: Հայկական զինեալ ուժերը այսօր կը հանդիսանան շրջանին մէջ ապահովութեան երաշխաւորը», ըսաւ Օհանեան՝ աւելցնելով, որ 2012 եւ 2013 թուականներուն հայկական զինեալ ուժերուն մէջ որակական յառաջընթացի տարիներ էին, եւ այդ յառաջընթացի պահպանման ու զարգացման ուղղուած պիտի ըլլայ հետագայ աշխատանքը:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը 2014 թուականին պիտի շարունակէ փտածութեան դէմ պայքարը՝ ատիկա նուազագոյնի հասցնելու համար: Բացի անկէ, նախարարութիւնը այս տարի յայտարարած է փողոցային բարքերու դէմ «պատերազմի տարի»:
«Մէկ Օր Բանակի Հետ». Ուսանողներն
ու Կամաւորները Զօրամասեր Պիտի Այցելեն
Բանակի օրուան առիթով՝ վաղը Յունուար 28-ին, Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի (ՀԵՀ) Լոռիի մարզային կեդրոնը պիտի իրականացնէ «Մէկ օր բանակի հետ» ծրագիրը: Ձեռնարկին նպատակն է երիտասարդութեան համար կարեւոր համարել բանակին դերը, ինչպէս նաեւ երիտասարդներու զօրակցութիւնը յայտնել հայրենիքը պաշտպանող զինուորներուն եւ սպաներուն: Ծրագիրին պիտի մասնակցին ՀԵՀ-ի մարզային կեդրոնի կամաւորները եւ Վանաձորի մէջ գործող կրթական հաստատութիւններու ուսանողները:
Վանաձորի մէջ տեղակայուած զօրամասին մէջ երիտասարդները ներկայ պիտի ըլլան տօնական շքերթի, այնուհետեւ պիտի ծանօթանան զօրամասի առօրեային: Ծրագիրին մասնակիցները զօրամասի զինուորներուն հետ պիտի այցելեն Վանաձորի ազատամարտիկներու պանթէոն, ուր յարգանքի տուրք պիտի մատուցեն եւ ծաղիկներ դնեն արցախեան հերոսամարտին զոհուածներուն շիրիմներուն: Վանաձորի մշակոյթի պալա- տին մէջ պիտի իրականացուի նաեւ համերգային ծրագիր՝ նուիրուած Հայկական Բանակի օրուան: