«Սահմանին վրայ միջադէպերը կը խափանեն բանակցութիւնները» հաստատած են Մինսկի խումբի համանախագահները
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու՝ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի միջեւ հերթական հանդիպումը տեղի ունեցած է անցեալ Ուրբաթ օր, Յունուար 24ին, Փարիզի մէջ:
Նախարարները խորհրդակցութիւն ունեցած են անջատաբար եւ ապա՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Ժագ Ֆորի (Ֆրանսա) եւ Ճէյմզ Ուորլիքի (ԱՄՆ) մասնակցութեամբ: Խորհրդակցութիւններուն մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք:
Նախարարներն ու համանախագահները քննարկած են խաղաղ բանակցութիւնները առաջ մղելու հարցը՝ հիմնուելով Վիեննայի մէջ անցեալ տարուան Նոյեմբեր 19ի գագաթնաժողովին վրայ: Նախարարները վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակել աշխատանքը հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ՝ բանակցութիւններու միջոցով:
Նախարար Նալբանդեանը համանախագահներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հետ սահմանին եւ Արցախի հետ շփման գիծին վրայ հետզհետէ մեծցող լարուածութեան եւ հրադադարի կոպիտ խախտումներու ու Ատրպէյճանէն ամէնաբարձր մակարդակով շարունակաբար հնչող ռազմատենչ յայտարարութիւններուն վրայ։ Դեսպան Քասփըրչիք եւս իր կարգին, համանախագահներուն տեղեկացուցած է սահմանին վրայ վերջին իրադարձութիւններուն մասին: Համանախագահները խոր մտահոգութիւն յայտնած են տարածաշրջանին մէջ բռնութիւններու շարունակման կապակցութեամբ՝ ընդգծելով, որ վերջին միջադէպերը կը խափանեն բանակցութիւնները եւ կը նուազեցնեն խաղաղ կարգաւորման հեռանկարները: Անոնք կողմերուն կոչ ըրած են լիովին պահպանելու զինադադարի պայմանները:
Համանախագահները կը ծրագրեն յառաջիկայ շաբաթներուն այցելել տարածաշրջան, նախագահներուն հետ բանակցութիւնները շարունակելու համար: