2008-ի Հոկտեմբերին Արցախեան մեծ հարսանիքի ծիրէն ներս ձեւաւոր- ւած 674 երիտասարդ ընտանիքներու մէջ ծնած է 1070 երեխայ՝ Ստեփանակերտ 392, Մարտակերտ 120, Ասկերան 155, Շուշի 50, Մարտունի 199, Հադրութ 72, Քաշաթաղ 58, Շահումեան 24 երեխաներ:

Այս մասին կը յայտնէ ԼՂՀ աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարարութեան կայքը։

Աղբիւրի համաձայն մեծ հարսանիքի հովանաւորները՝ Ռուսիոյ մէջ բնա- կող շարք մը հայ գործարարներ եւ բարերարներ՝ Լեւոն Հայրապետեան, Ռուբէն Վարդանեան, Սերգէյ Սարկիսով, Դանիէլ Խաչատուրով, Աշոտ Խաչատրեան, Գագիկ Զաքարեան, Սէյրան Կարապետեան, Գոռ Նահապետեան, Կարէն Մկրտչեան, Արարատ Թաւադեան, Վլադիսլաւ Ղասումեան, Սամուէլ Սարգսեան, որոշած են շարունակել աջակցութիւնը նորաստեղծ ընտանիքներուն: Մասնաւորապէս, մեծ հարսանիքին մասնակցած զոյգերուն բարերարները տրամադրած են միանուագ 2000-ական ԱՄՆ տոլար եւ նախատեսած են այդ ընտանիքներու մէջ մինչեւ 2013-ի Դեկտեմբեր 31 ծնուած երեխաներուն աջակցութիւն ցոյց տալ հետեւեալ չափերով. առաջին երեխայի համար՝ 2000, երկրորդի համար՝ 3000, երրորդի համար՝ 5000 եւ չորրորդ երեխայի համար՝ 10 000 ամերիկեան տոլար:
Ընդհանուր առմամբ, 707 ծնած երեխաներու համար անոնց ընտանիքներուն, ներկայիս, յատկացուած է 1 միլիոն 584 հազար ԱՄՆ տոլար: Յառաջիկային կը նախատեսուի 363 երեխաներու համար անոնց ընտանիքներուն վճարել եւս 1 միլիոն 123 հազար ամերիկեան տոլարի չափով գումար եւ այդքանով աւարտել ծրագիրը:


(Լուսանկարը՝ Իննա Մխիթարեանի «Արցախեան մեծ հարսանիքը՝ 5 տարի ետք» շարքէն)