ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստանի Հանրապետութիւնը հարուստ պատմութեամբ եւ խոստմնալից երկիր է, որ ինքզինք հաստատած է տարածաշրջանային հզօր դերակատարի դիրքին մէջ՝ բազմաթիւ կէտերով առաջ անցնելով իր դրացիներէն»:

Այս մասին գրած է ամերիկեան «Ֆորէյն Ըֆերզ» նշանաւոր վերլուծական հանդէսը՝ 2014ի Յունուար-Փետրուարի թիւին մէջ, որ նուիրուած է Հայաստանի տնտեսական քաղաքականութեան:

Հանդէսը ներկայացուցած է Հայաստանի զարգացման ճամբու քարտէզը՝ անդրադառնալով Հայաստանի բաց շուկայական մարտավարութեան, հանքարդիւնաբերութեան, ուժանիւթի արտադրութեան կարելիութիւններուն, շինարարական ոլորտի վերականգման, Հայաստանի տնտեսական աճին եւ խաղողագործութեան:
«2009 թուականի մեծ տնտեսական ճգնաժամէն ետք Հայաստանի վերադարձը իր նախկին դիրքին կը վկայէ երկրին ճկունութեան եւ վերակազմակերպական կարողութեան մասին: Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը, դեղագործութիւնը, ճշգրիտ ճարտարագիտութիւնը կը հանդիսանան արդիւնաբերութեան այն ոլորտները, որոնց մէջ Հայաստան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ իր վրայ: Միջազգային տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ գերակայութիւնը տրուած է բարձրորակ, բայց փոխադրութեան ցած ծախսեր պահանջող արտադրանքին եւ ծառայութիւններուն։ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական սահմանափակուածութիւնը նկատի ունենալով՝ անիկա ստիպուած եղած է այլընտրանքային ուղիներ փնտռելու՝ իր առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու հաստատման համար եւ կրցած է սնուցանել ուժեղ ու անկոտրում ձեռնարկատիրական ոգին», գրած է հանդէսը:
Մօտ մէկ տասնամեակ տեւած աճը կասեցուեցաւ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին իբրեւ հետեւանք, երբ Հայաստանի տնտեսութիւնը կրճատուեցաւ 14 տոկոսով: Սակայն երկիրը արագօրէն ոտքի կանգնեցաւ, եւ յետճգնաժամային Հայաստանը հիմա աւելի լաւ կարգավիճակի մէջ է, քան նախապէս: Հանդէսը մէջբերած է Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի խօսքը, ուր ան կ՛ըսէ. «Անցած հինգ տարին աճի վերականգնման եւ զարգացման հարթակ են ծառայել: Այս ճգնաժամի արդիւնքը նոր եւ աւելի արդիւնաւէտ տնտեսական կառուցուածքն է: Եթէ նախկինում տնտեսական աճը մեծապէս սնուցւում էր շինարարական հատուածում, ապա այսօր երկրի տնտեսական յաջողութիւնը հիմնուած է առեւտրային եւ արտահանմանն ուղղուած ոլորտների վրայ, որոնք են սպասարկումը, արտադրութիւնը, հանքարդիւնաբերութիւնը եւ գիւղատնտեսական արտադրանքի վերամշակումը»:
«Մենք մրցակցային մեծ առաւելութիւն ունենք, որը մեր մարդկային ռեսուրսն է», հպարտութեամբ նշած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը՝ եւ աւելցուցած. «Մեր ժողովուրդը բիզնես-հակուածութիւն ունի: Նա ցանկանում է մրցակցել տեղական, միջազգային եւ գլոբալ մակարդակներում: Դուք կարող էք լսել, թէ ինչպէս են պատանիները դպրոցում զրուցում բիզնես հիմնելու իրենց ձգտումների մասին: Դա շատ հզօր խթան է երկրի համար. հասարակութիւնը դրդում է կառավարութեանը պայմաններ ստեղծել աւելի ազատական բիզնես միջավայրի ստեղծման եւ բարելաւման համար»:
Հանդէսը նշած է, որ կառավարութիւնը մշակած է ազգային ձգտումներուն միտող երկարաժամկէտ նախագիծեր, որոնցմով կը նախատեսէ մինչեւ 2025 թուական Հայաստանը վերածել միջին եկամուտ ունեցող երկրի՝ առաջնահերթութիւնը տալով նոր, բարձրորակ եւ բարձր վարձատրուող աշխատատեղերու ստեղծման, մարդուժի զարգացման, հասարակական անվտանգութեան համակարգի բարելաւման եւ հանրային կառավարման արդիականացման:
Հայաստանի տնտեսութեան բազմազանութեան եւ մրցունակ արդիւնաբերութեան ստեղծման ռազմավարութիւններէն մէկը ներդրումներու խթանումն է: Օտար ուղղակի ներդրումներու ներհոսքը 2013ին շարունակած է մնալ անկայուն, բայց Հայաստան յաջողած է ներդրումներու համար յուսալի եւ հիւրընկալ երկրի համբաւ ստեղծել: «Հայաստանն աշխարհին յայտնի է իր ներդրումային բաց քաղաքականութեամբ: Մի քանի տարի առաջ մենք արմատական բարեփոխումներ ենք սկսել իրականացնել գործարար եւ ներդրումային միջավայրում», նշած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: