13 Յունուարին Հայաստանի մէջ, սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ սուրիահայութեան եւ անոնց բազմաբնոյթ հարցերուն վերաբերող հանդիպում–քննարկում մը,

որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Aleppo Armenians» Դիմատետրի էջի հիմնադիր Հրաչ Քալսահակեան, «Armenians of Aleppo» խումբի պատասխանատու Ռոպերթ Սիւլահեան, հալէպահայ վիրաբոյժ Վազգէն Պերղութեան, սուրիահայեր Արաքսի Խտրլարեան եւ Թալին Մակարեան: Ներկայ էին մեծաթիւ սուրիահայեր, որոնք հաստատուած են Հայաստան։

Սուրիական հակամարտութեան պատճառով Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը սփիւռքի նախարարութենէն կ՛ակընկալեն իրենց տրամադրուող տարատեսակ օժանդակութիւններու գործընթացի թափանցիկութեան առաւել շեշտուածութիւն՝ ցանկերուն մէջ սխալ անձերու յայտնուիլը բացառելու համար, ըսաւ Ռոպերթ Սիւլահեան: Անոր համաձայն, խօսակցութիւններ շրջան կ՛ընեն այն մասին, որ սուրիահայերուն տրուող օժանդակութիւնը հասցէագրուած չէ, սակայն ճշգրիտ փաստեր չկան այդ լուրերուն մասին։ Անոնք դիմած են սփիւռքի նախարարութիւն, եւ կառոյցը յանձն առած է շուտով ներկայացնել սուրիահայերուն տրուող օգնութեան մասին տեղեկատուութիւն:
Հալէպահայ վիրաբոյժ Վազգէն Պերղութեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերը տարբեր աղբիւրներէ կը ստանան օժանդակութիւն, որուն յանձնումը կը համակարգէ սփիւռքի նախարարութիւնը: Սուրիահայերուն նպատակն է, որ օժանդակութենէն օգտուին իրական կարիքաւորները, եւ բաշխման գործընթացը ըլլայ թափանցիկ: Պերղութեանի համաձայն՝ ներկայիս Հայաստանի մէջ կան 11 հազար սուրիահայեր, որոնց 3000ը կարիքաւոր է: Ընդհանուր առմամբ, տարեկան իբրեւ պարէն անոնց կը տրուի շուրջ 1 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն (1 անձին 30 տոլարի պարէն ստանալու ամսական): Պերղութեան նշեց, որ Սուրիայէն եկած հայերուն մեծ մասը աշխատելու կարելիութիւն ունի: Շատ են նաեւ պարագաները, երբ հայեր կը մնան Հալէպ՝ աշխատելու, իսկ անոնց ընտանիքը կը տեղափոխուի Հայաստան: Բանախօսները կարեւոր նկատեցին Հալէպի հայ համայնքը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը՝ իբրեւ հայկական Սփիւռքի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը:
«Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաները իսլամացնելու քաղաքականութիւն չի գործադրուիր», դիտել տուաւ Հրաչ Քալսահակեան՝ հիմնուելով Հալէպ ապրողներէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն վրայ։ «Կրօնափոխ ըլլալու հարցը մեծ արձագանգ ունեցաւ, տեսանիւթեր շրջան ըրին այս մասին: Ես դիտեցի տեսանիւթ մը, ուր տղայ մը արաբերէնով կը պատմէ, որ ինք իսլամացած է: Որեւէ փաստ չկայ այն մասին, որ ինք հայ է, երկրորդ՝ ոչ ոք կրնայ փաստեր բերել այն մասին, որ զայն ստիպած ըլլան ատիկա կատարելու: Սակաւաթիւ անձեր իսլամութիւնը կ՛ընդունին իբրեւ կրօն, պատճառները տարբեր են: Կը կարծեմ, թէ եղածը վախ տարածելու փորձ է հիմնականին մէջ», յայտնեց ան։
Հրաչ Քալսահակեան դիտել տուաւ, որ յաճախ սխալ տեղեկատուութիւն կը դրուի շրջանառութեան մէջ, ուստի վերոյիշեալ Դիմատետրի էջերուն կարեւորութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ տեղեկութիւնները ճշդուին։ Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ հիմնադրուած «Խօսքի եւ մամուլի ազատութեան քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման կեդրոն»ի եւ www.azad-hye.net–ի միջոցով պիտի տարածուին սուրիահայերուն մասին տեղեկութիւններ։ «Մեր նպատակն է ապահովել տեղեկատուութեան փոխանցման թափանցիկութիւն եւ ճշգրտութիւն, որպէսզի Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին մասին տեղեկութիւն փոխանցուի ոչ միայն միջազգային աղբիւրներէ, այլ Սուրիոյ մէջ ապրող հայերէ. այս ձեւով աւելի արժանահաւատ կ՛ըլլան լուրերը», ըսաւ ան։
Սփիւռքի նախարարութեան մէջ կայացած հանդիպման անդրադառնալով՝ ան նշեց, որ անիկա կը միտի տեղեկանալ նախարարութեան կատարած ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ անլոյծ հարցերուն մասին։ «Կ՛ուզենք տեսնել, որ անոնց մէջ որքանո՞վ ներգրաւուած են նաեւ Սուրիոյ մէջ ապրող հայերը։ Եթէ հաւասարակշռութիւնը խախտած ըլլայ, պիտի փորձենք նաեւ ուշադրութիւնը այդ կողմ հրաւիրել՝ օժանդակելու պատերազմական գօտիին մէջ գտնուող հայերուն»։