Հայաստանի կառավարութիւնը կը նախատեսէ 2014 թուականի մէջ վերագործարկել Ստեփանաւանի եւ Կապանի օդանաւակայանները: Ծրագիրը ընդգրկուած է գործադիրի 2014 թուականի գերակայութիւններու շարքին, որոնք հաստատուեցան ՀՀ կառավարութեան Յունուար 9ի նիստին:

Ըստ «Արմէնփրէս»ի կը նախատեսուի իրականացնել երկու օդանաւակայաններու շէնքերու վերանորոգումը, տարածքի բարեկարգումը, ցանկապատումը, թիռչքուղիներու վերականգնումն ու միջազգային չափանիշներու համապատասխանեցումը:
Նախապէս արդէն յայտնի դարձած էր որ SKY NET անունով օդանաւային ընկերութիւնը կը պատրաստուի իրականացնել ներքին թռիչքներ դէպի Կապան, Գորիս, Եղեգնաձոր, ինչպէս նաեւ այն ուղղութիւններով, ուր օդանաւակայանները ունին թռիչքային դաշտեր:
Հայաստանի կառավարութիւնը սկսած է գործադրել «Բաց երկինք»ի քաղաքականութեան անցնելու գործընթացը, որ լուրջ փոփոխութիւն է երկրի օդային փոխադրումներու քաղաքականութեան մէջ: Կը նախատեսուի, որ «Բաց երկինք» քաղաքականութիւնը պիտի խթանէ ՀՆԱի աճը, պիտի ստեղծէ նոր աշխատատեղիներ, ինչպէս նաեւ պիտի սատարէ օդանաւային փոխադրումներու գիներու նուազման: Այս գծով, կÿակնկալուի տոմսերու գինի նուազում գէթ 10% տոկոսով: Իսկ գիներու աւելի մեծ նուազումներ պայմանաւորուած են մրցակցութեան մթնոլորտի ձեւաւորումով: