ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) մօտ տեղի ունեցած է նախարարին կից աշխատակազմի նիստը, որուն ընթացքին քննարկուած են ՊՆ արտասահմանեան երկիրներու ռազմաուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսումնական գործընթացն ու առկայ խնդիրները

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ». ՊՆ մամլոյ ծառայութեան տեղեկութիւններով, զեկոյցներով հանդէս եկած են պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան, Զինուած ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի պետի առաջին տեղակալ, զօրավար-հրամանատար Էնրիքօ Ապրիամով, ՊՆ մարդուժի եւ ռազմական կրթութեան վարչութեան պետ Մհեր Շիրինեան, ռազմա-ուսումնական հաստատութիւններու ղեկավարներ ու բարձրաստիճան զինուորականներ:
Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան իր ելոյթի ընթացքին նշած է, որ ռազմակրթութեան ոլորտին մէջ բարեփոխումները զինուած ուժերու առաջնահերթութիւններէն են: Պաշտպանութեան նախարարը մասնաւորապէս ըսած է. «Ամենամեծ փորձանքները ծնւում են անգիտութիւնից, իսկ ողբերգութիւնները՝ տգիտութիւնից: Ուսեալ եւ մեթոդապէս գրագէտ սպան բռնութիւն չի կիրառում, եւ նրա ենթակայ ստորաբաժանումում միջանձնային փոխյարաբերութիւնների խախտումների հաւանականութիւնը շատ փոքր է: Յոռի բարքերը, բռնութեան երեւոյթը պէտք է ընկալենք որպէս բանակին ուղղուած մարտահրաւէր, որը պէտք է ընդունել եւ յաղթահարել: Բանակը պէտք է յաղթի ոչ միայն սահմանում. այն իր ներքին առօրեայում նոյնպէս ձախողումներ չպէտք է ունենայ…
«Ներկայումս ՀՀ ռազմական կրթութեան բնագաւառում կատարուող բարեփոխումները նպատակաուղղուած են ժամանակակից բանակների զինծառայողների բնորոշ որակական յատկանիշներով օժտուած սպայական կադրերի պատրաստմանը, վերապատրաստմանը եւ որակաւորման բարձրացմանը»: