«Անալիտիկ» վերլուծական կեդրոնի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «ԱՍ» քաղաքական-հասարակական  մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներու ամփոփմամբ՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարուհի տիկին Հրանուշ Յակոբեանը «Տարուայ աւագ սերունդի լաւագոյն քաղաքական գործիչ» անուանակարգին մէջ արժանացած է առաջին մրցանակին:

Մրցոյթի նպատակն էր բացայայտել պետական, քաղաքական, հասարակական բնագաւառներու մէջ առաջատարները, ներկայացնել ոլորտի պատասխանատուներու աշխատանքը, հասարակութեան հետ վերաբերմունքը եւ խրախուսել հասարակութեան բարձր գնահատականին արժանացած գործիչները:
Մրցոյթը, որուն մասնակցեցան հասարակութեան բոլոր շերտերը, կազմակերպուեցաւ ելեկտրոնային քուէարկութեամբ՝  11 տարբեր անուանակարգերով: