Շնորհաւորելով զինուորական ծառայութիւնը կատարող երիտասարդներուն եւ իրենց տեսնելու եկած հարազատներուն, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը նշեց,
որ աւանդաբար ընտանեկան ամանորեայ տօները, անոնք կը նշեն իրենց ընտանքիներէն հեռու, քանի որ կÿիրականացնեն հայրենիքի պաշտպանութեան առաքելութիւնը՝ ապահովելով մեր ժողովուրդի, մեր երկրի խաղաղ կեանքն ու զարգացումը։ Նախարար Է. Նալբանդեանը յաջողութիւններ մաղթեց սպաներուն եւ զինուորներուն՝ ընդգծելով, որ իրենց յաջողութենէն կախեալ է Զինուած ուժերու ամրութիւնն ու հզօրութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը մաղթեց, որ զինծառայողներու ծնողները եւ հարազատները միշտ բարի լուրեր ստանան իրենց որդիներու յաջող ծառայութեան կապակցութեամբ, առաւել՝ հպարտանան հայրենիքի պաշտպան իրենց զաւակներով։