Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան մասնակցած է պաշտպանութեան բանակի միաւորումներու եւ զօրամասերու հրամանատարներուն եւ 4րդ պաշտպանական շրջանի անձնակազմին արժէքաւոր նուէրներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան:
Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան համաձայն, նախագահ Սահակեան իր խօսքին մէջ նշած է. «Արցախի բանակը հանդիսանում է համայն հայութեան հպարտութիւնը, քանի որ նա պաշտպանում է ոչ միայն Արցախի սահմանները, այլեւ ողջ հայ ժողովրդի արժանապատիւ ապագան»:
Ան ընդգծած է, որ պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան բարձրացումը, սպառազինութեան արդիականացումը յետ այսու եւս պիտի ըլլան Արցախի պետականաշինութեան առանցքային ուղղութիւններէն:
ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան շնորհաւորած է զին- ւորները՝ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով՝ մաղթելով անփորձանք ծառայութիւն, ուժ ու կորով, առողջութիւն եւ ամենայն բարիք:
Հանդիսութեան մասնակցած են նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանը, Հայաստանի վերահսկիչ պալատի նախագահ Իշխան Զաքարեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր: