Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն մեծարեց Մարզական լրագրողներու համադաշնակցութեան ընտրած 10 մարզիկները: Նուէրներ յանձնուեցան մարզիկներուն:
Այս հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ այս հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի պատկանող «Փարաւոն» համալիրին մէջ: