Հայաստանի մէջ Ամանորը անցընելու այլընտրանքային տարբերակներէն է քաղաքէն դուրս ելլելը, հիմնականին մէջ Ծաղկաձոր մեկնիլը, իսկ երկիրէն դուրս սովորաբար նախընտրելի են Տուպայն ու Եգիպտոսը։
Operativ.am-ի թղթակիցը այս առնչութեամբ զրուցած է կարգ մը զբօսաշրջական ընկերութիւններու հետ՝ ճշդելու, թէ ձմեռնային արձակուրդը ի՛նչ կ՛արժէ Հայաստանի մէջ, ընդհանրապէս ո՛ր պանդոկները նախընտրելի են, եւ մարդիկ որքա՛ն կը միտին վճարել։
«Dolce Travel» ընկերութեան աշխատակից Կարինէն նշած է, որ շատ տարբերակներ կան՝ տօնական օրերը Ծաղկաձորի մէջ անցընելու համար: 1 անձի համար նախատեսուած ամէնէն աժան տարբերակը միջին պանդոկի մէջ է, օրինակ՝ Կեչի, Մուշ, ուր 3-4 օրը կ՛արժէ 150 հազար դրամ, իսկ աւելի բարձրակարգ պանդոկներու, օրինակ «Մարիոթ»ի մէջ՝ 3-4 օրը կը տատանի 600 հազարէն մինչեւ մէկ միլիոն դրամի միջեւ:
Նշենք, որ նոյն պանդոկներուն գիները ոչ տօնական օրերուն աւելի աժան են։ Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ պատճառով գիները աճ կ՛արձանագրեն այս օրերուն, Կարինէ յստակ պատասխան չէ տուած։ «Հնարաւոր է՝ մենիւն մի փոքր այլ լինի, կամ… չգիտեմ, տօնական ծրագիր է լինում, բայց ինչ կարգի չեմ կարող ասել, երաժշտութիւն կը լինի կարծում եմ», դիտել տուած է ան։
Այս կը նշանակէ, որ 31 Դեկտեմբերին միայն երաժշտութիւն ապահովելու համար (այդ ալ յստակ չէ, թէ ինչ երաժշտութիւն եւ ինչ ծրագիր), պանդոկները քանի մը անգամով կը բարձրացնեն իրենց սակերը: Եթէ սովորական օրերուն Ծաղկաձորի պանդոկները մէկ օրուան համար կ՛արժէին 10,000-20,000 դրամ, ապա, ամանորի գիշերը նուազագոյն գինը կը սկսի 50,000էն։
Թերեւս այս պատճառով է, որ հայերը կը նախընտրեն Ամանորը անցընել Եգիպտոսի եւ Տուպայի մէջ: Համեմատութեան համար նշենք, որ Եգիպտոսի մէջ հնգօրեայ արձակուրդը կ՛արժէ 600-800 տոլար (243,000-343,000 դրամ): Կայ նաեւ Վրաստան երթալու տարբերակը։
Ամանորը Ծաղկաձորի Մէջ Կ՛արժէ Մէկ Միլիոն Դրամ
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ