Պատանի Արամ Յակոբեան ճատրակի աշխարհի պատանեկան առաջնութեան ախոյեան դարձաւ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այ-Այն քաղաքին մէջ կայացացող ճատրակի աշխարհի պատանեկան առաջնութեան մրցումները աւարտեցան Դեկտեմբեր 28ին։ Հայաստանը ներկայացնող Արամ Յակոբեանը հռչակուեցաւ մինչեւ 12 տարեկան դասակարգի աշխարհի ախոյեան: