Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան¬ինսթիթութը կը յայտարարէ, թէ Երեւանաբնակ ընտանիքի մը մօտ յայտնաբերուած են 17 լուսանկարներ, որոնք կը վկայեն միջազգային մարդասիրական գործունէութեան

մասին Հայաստանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։
«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ լուրը, նշելով թէ թրքական պետութեան կողմէ ծրագրուած եւ իրագործուած ցեղասպանութեան զոհ դարձան նաեւ տասնեակ հազարաւոր հայ երեխաներ։ Հազարաւոր փոքրիկներ դարձան ծնողազուրկ, որոնց մէկ մասը, կտրուելով իր միջավայրէն, կորսնցուց հայու ինքնութիւնը։ Բռնի թրքացման եւ իսլամացման նպատակին ծառայեցին յատկապէս, այդ նպատակով, թրքական պետութեան կողմէ ստեղծուած որբանոցները։

Ցեղասպանութենէն ետք, հայկական եւ միջազգային բազմաթիւ կազմակերպութիւններ եւ անհատ բարերարներ տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններով փորձեցին փրկել հայութեան բեկորները։ Այս առաքելութեան ծառայող առաջիններէն էր «Ամերիկեան մերձաւոր արեւելեան նպաստամատոյց կազմակերպութիւնը» (Near East Relief), որ ստեղծուած էր 1915ին։ Յայտնաբերուած լուսանկարները կը ներկայացնեն տուեալ որբախնամ կազմակերպութեան գործունէութիւնը Ալեքսանտրապոլի (Գիւմրի), Պաղեստինի, Յունաստանի, Լիբանանի մէջ։

 

Տուեալ լուսանկարը կը ներկայացնէ Յունաստանի Սիրոս կղզիի մէջ պատսպարուած 2.000 հայ որբերը, որոնք Ամերիկեան նպաստամատոյցի խնամքին տակ առնուեցան։
Անոնք կþապրէին իրենց կողմէ կառուցուած շէնքերու մէջ։ Անոնց կը տրամադրուէր կերակուր եւ հագուստեղէն, ինչպէս նաեւ նախնական կրթութիւն։
Քիչ մը մեծնալով, պատանիները կը դաստիարակուէին տարբեր արհեստներու մէջ։